Հայաստանի Երիտասարդական եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնները Օգնութեան Ձեռք Կ՛երկարեն Կարիքաւորներուն


ՀԵՄի երիտասարդները օգնութեան փաթեթներ կը տրամադրեն մարզերու կարիքաւոր ընտանիքներուն

 

Սալբի Սաղտըճեան

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական (ՀԵՄ) եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները, ՀՕՄի Հայաստանի միաւորը՝ «քորոնա» համաճարակի դժուարին այս օրերուն՝  «Օգնի՛ր հայրենակցիդ – #միասինկհաղթենք» եւ այլ ծրագիրներով օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն Հայաստանի մարզերու կարիքաւոր ընտանիքներու։

     ՀԵՄի ատենապետ Արգիշտի     Գէորգեան

ՀԵՄի ատենապետ Արգիշտի Գէորգեան «Թորոնթոհայ»ի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց, որ երիտասարդական միութեանց նախաձեռնած վերոնշեալ ծրագիրով պարենային փափեթներ կը տրուին Հայաստանի տարբեր մարզերու անապահով ընտանիքներու՝ յաթահարելու տիրող տնտեսական դժուարին օրերը։

«Մեր ծրագիրը սկսուեց Սահմանամերձ գիւղերից, սակայն հետագայում հասկացանք, որ օգնութեան կարիքը կայ ոչ միայն սահմանամերձ գիւղերում, անգամ Երեւանում», նշեց ան։

Ծրագիրին կ՛օժանդակեն եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նուիրատուներ Հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ։ Այս ծրագիրին դրամահաւաքով միացած են նաեւ Գանատայի երիտասարդական եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնները։

«Սփիւռքից ե՛ւ միութիւններ ե՛ւ անհատներ մեզ փոխանցումներ են անում։ Ամերիկայի «Զարթօնք», Գանատայի Եիրտասարդական միութիւնը, Պելկիայի երիտասարդականը եւ մեծ թուով մարդիկ եւ միութիւններ սիրով իրենց առաջարկութիններն են արել դրամահաւաք անելու եւ օգնելու մեզ այս հարցում, ինչի համար շատ շնորհակալ ենք բոլորից»։

ՀԵՄի Երիտասարդները ընտանիքներու այցելութեան ժամանակ, հետաքրքրուողներուն անպայման կը տեղեկացնեն, «որ ոչ միայն Հայաստանէն, այլեւ Հայաստանէն դուրս գտնուող հայերը, որոնք նոյնիսկ Հայաստանը չեն տեսած, բայց սրտացաւ ըլլալով իրենց հայրենակիցներուն նկատմամբ, գումար կը տրամադրեն այս ծրագիրին՝ իրենց օգնելու համար»։

Շնորհիւ գոյացած գումարներուն՝ ՀԵՄի երիտասարդները Հայաստանի վեց մարզերու մէջ առ այսօր օգնութիւն տրամադրած են 1150 ընտանիքի։ Օգնութեան փաթեթները կը պարունակեն ձէթ, շաքար, մէկ պարկ ալիւր, ձաւար, հատիկեղէն, մագարոնեղէն, քաղցրաւենիքներ եւ մաքրութեան պարագաներ, որոնք, ըստ Արգիշտիին, 5-6 հոգինոց ընտանիքի մը կը բաւարարէ աւելի քան 20 օր։

       ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Մարինէ Համբարձումեան

ՀՕՄի Հայաստանի միաւորը իր հերթին ներդրում ունի այս ծրագիրին։ Ան իր վրայ վերցուցած է Շիրակի մարզի 350 ընտանիքի համար սնունդի փաթեթներու պատրաստութիւնը։ Անոնք տրամադրուած են անապահով և բազմազաւակ ընտանիքներու, միայնակ ծերերու, հաշմանդամներու։

«ՀՕՄը՝ համավարակի այս օրերին՝ յատուկ ուշադրութեան կեդրոնում է պահում Շիրակի մարզը, որովհետեւ այնտեղ տակաւին երկրաշարժի հետեւանքները տեսանելի են եւ նրանք առաւել ուշադրութեան կարիքը ունեն», մեզի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային  Վարչութեան ատենապետուհի Մարինէ  Համբարձումեան։ 

ՀՕՄը, Գիւմրիի համար ոչ միայն պարենային օգնութիւն տրամադրած է, այլ նաեւ մարզի բժշկական կեդրոններուն համար գնած է երեք Patient Monitor-ներ, որոնցմէ 2-ը Գիւմրիի վարակաբանական հիւանդանոցին, իսկ մէկը Ախուրեանի Մօր եւ Մանկան հիւանդանոցին, որոնք մօտ օրերս կը հասնին Հայաստան։

Ատենապետուհին դիտել կու տայ, որ հայ կինը պահի լրջութիւնը միշտ լաւ կը հասկնայ եւ ամենէն դժուարին պայմաններուն մէջ իսկ գործի կը լծուի։ ՀՕՄը՝ հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ համավարակի ճգնաժամը յաղթահարելու համար այլ նախաձեռնութիւններով նոյնպէս կ՛օժանդակէ այն հաստատութիւններուն, որոնք այսօր առաջին գիծի վրայ են։ Շրջանային վարչութիւնը 500,000 դրամով աջակցած է Առողջապահութեան նախարարութեան, որուն ուսերուն է այսօր համաճարակին դէմ դնելու եւ վարակակիրները բուժելու աշխատանքը։ ՀՕՄուհիներու յատուկ ուշադրութեան եւ հոգատարութեան տակ է նաեւ Հայրենիքի Պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնը, որուն նուիրած են $5000, որպէսզի առաջին օգնութեան բժշկական պարագաներ եւ դեղեր ձեռք բերուին։

ՀՕՄի Հայաստանի միաւորի 50 մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն օգնութեամբ՝ ներկայիս կը կազմուին անապահով ընտանիքներու ցանկեր, Երեւանի եւ տարբեր մարզերու մէջ, որոնք պիտի ներառուին օգնութեան ծրագիրներու մէջ։

Շրջանային Վարչութիւնը՝ ընդառաջելով Կեդրոնական վարչութեան կոչին՝ նուիրած է $10,000։ «Նկատի ունենալով, որ տարիներ, տասնամեակներ շարունակ մեր ընկերուհիները տարբեր երկրներից մեզ աջակից են եղել, մեր ամէն ցաւին հասել են թէ՛ Հայաստանում, թէ՛ Արցախում, մեր պարտքն է նաեւ տէր կանգնել որեւիցէ մէկ տեղում բնակուող մեր հայրենակիցներին», ըսաւ ան։

Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ, Հայաստանի ՀՕՄը իր աշխատանքները կը համակարգէ առցանց։  «Մեր գրասենեակը ճիշդ է չի աշխատում, բայց հեռախօսով, ե-նամակով մեր քաղաքացիների դիմումներին բոլորին փորձում ենք պատասխանել եւ անհրաժեշտութեան դէպքում օգնել», յայտնեց ան։

«Օգնիր Հայրենակիցիդ» ծրագիրին շարունակութեան մասին ՀԵՄի ատենապետը նշեց, որ ներկայիս կը շարունակուի դրամահաւաքը, ինչպէս նաեւ օգնութեան փաթեթներու տրամադրումը։ Եւ որքան նուիրատուութիւնները շատ ըլլան՝ օգնութեան աշխարհագրութիւնն ալ այդքան աւելի պիտի ընդլայնուի։

Մարզեր այցելութեան եւ իրենց տպաւորութիւններու մասին հարցումիս՝ ընկ․ Արգիշտի նշեց, որ երիտասարդականի ընկերները, տարիներ շարունակ այցելութիւններ տուած են Հայաստանի տարբեր բնակավայրեր եւ սահմանամերձ գիւղեր․ «Մեր տպաւորութիւնն է, որ մենք Հայաստանում ունենք մայրաքաղաք եւ մայրաքաղաքից դուրս բնակավայրեր, որտեղ առօրեան, կենսամակարդակը շատ կտրուկ տարբերւում են։ Այսինքն՝ Հայաստանի Հարապետութիւնը գերբեւեռացուած հասարակութիւն ունի։ Ունենք ծայրայեղ հարուստներ եւ ծայրայեղ կարիքաւորներ եւ աղքատներ»։

Այն կարիքաւոր ընտանիքներուն, որոնք այսօր ալ աւելի դժուարութեան մէջ են, թէկուզ փոքրիկ օգնութիւն մը մեծ նշանակութիւն ունի՝ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս։

Հայերս յաճախ դժուար պայմաններու մէջ կը միաւորուինք։ Իրարու օգնելով, զօրավիգ կանգնելով պիտի յաղթահարենք նաեւ այս ծանր օրերը եւ այս իրավիճակէն դուրս պիտի գանք աւելի զօրացած ու ամրապնդուած։

ՀԵՄի երիտասարդները օգնութեան փաթեթներով կ՛այցելեն Գեղարքունիքի մարզի կարիքաւորներ ընտանիքներու

ՀԵՄականները ալիւր եւ պարենային ապրանք կը տրամադրեն անապահով ընտանիքի մը, Արագածոտնի մարզ

 

Օգնութեան փաթեթներ ստացած տարեց կին մը, Գիւմրի