Հայաստանի Եւ Արցախի Հարազատ Հողին Վրայ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին (Ֆորում) Մասնակիցները Իւրայատուկ Օրեր Ապրեցան


Համազգայինի Ֆորումի մասնակիցներըª Սեւանի մէջ:

8 տարբեր երկիրներէ Հայաստանի մէջ համախմբուած երիտասարդներու մասնակցութեամբ` Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 2018ի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ՙՄինոթել պարսամ հիւրանոց՚ին մէջ, 5 Յուլիսին: Ֆորումի բացման հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` ֆորումի ծրագիրին, նպատակին եւ օրէնքներուն: Ճաշէն ետք խումբը այցելեց Սասունցի Դաւիթ եւ Մայր Հայաստան արձանները:

Օրուան աւարտին ֆորումականները ներկայ եղան ՙՀայկ եւ Բէլ՚ի պատմութեան ներկայացման: Անոնք համտեսեցին հայկական խորովածն ու լաւաշ հացը, երգեցին, պարեցին եւ ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին:

6 Յուլիսին հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Սաղմոսավանք, ուր լսեցին հանրածանօթ ճարտարապետ եւ մասնագէտ Աշոտ Գրիգորեանի բացատրութիւնները վանքի պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասին: Ապա ուղղուեցան դէպի Տառերու պուրակ:

Խումբը ճաշեց Արագած լերան լանջին: Ապա մասնակիցները բարձրացան լերան բարձունքներէն մէկը եւ այդտեղ միասնաբար երգեցին հայրենասիրական երգեր: Վերադարձի ճամբուն վրայ խումբը այցելեց Ամբերդ ամրոցը: Ապա վերադարձան Երեւան:

7 Յուլիսին ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի պատմութեան թանգարան եւ ներկայ եղան ՙԱռաջին Հանրապետութիւն՚ ցուցադրութեան: Կէսօրէ ետք անոնք ուղուեցան դէպի Մատենադարան, ուր Մատենադարանի փոխտնօրէն դոկտոր Կարէն Մաթեւոսեանը դասախօսեց հայկական մանրանկարչութեան մասին:

Երեկոյեան ֆորումականները ուղղուեցան Կասկատ, ուր սորվեցան եւ պարեցին ազգագրական պարեր` Գագիկ Գինոսեանի հետ:

Օրը վերջ գտաւ ճոխ ընկերային պահով մը` քաղաքի ՙrooftop bar՚երէն մէկուն մէջ:

8 Յուլիսին« ֆորումի 4րդ օրուան ընթացքին« մասնակիցները այցելեցին Սարդարապատի համալիր եւ թանգարան, ինչպէս նաեւ` Էջմիածինի մայր տաճարը եւ Սուրբ Գայեանէ եկեղեցի: Յետոյ մեկնեցան Մաչանենց արուեստի տունը, ուր լաւաշ թխեցին եւ ծանօթացան կաւագործութեան արուեստին: Երեկոյեան, Երեւանի մէջ ֆորումականները միացան Վարդավառի տօնակատարութեան:

5րդ օրը ֆորումականները այցելեցին Սեւանայ լիճ եւ Սեւանավանք: Նաւով պտոյտէն եւ Սեւանի մէջ լողալէ ետք անոնք ուղղուեցան Դիլիջան, ուր ճաշեցին եւ ծանօթացան Հաղարծին վանքին: Երեկոյեան անոնք վերադարձան Երեւան:

6րդ օրուան առաւօտեան մասնակիցները այցելեցին Թումօ կեդրոն, ուր ծանօթացան կազմակերպութեան եւ մասնակցեցան երկու տարբեր գիտաշխանոցներու (3D mapping եւ motion graphics): Յետոյ անոնք մեկնեցան Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, ապա` Երեւանի պետական համալսարան ու ծանօթացան անոնց տարբեր բաժանմունքներուն եւ մասնագիտութիւններուն:

Երեկոյեան ֆորումականները մասնակցեցան զրոյցի մը, որուն վերնագիրն էր` ՙՈ՞վ է հայը՚, իսկ զրուցավարը` Վարագ Գեթսեմանեան:

11 Յուլիսին ուսանողական հաւաքի մասնակիցները իրենց օրը անցուցին Ծաղկաձորի մէջ: Անոնք ճոպանուղիով բարձրացան լերան գագաթը, ապա այցելեցին Տիրամայր Հայաստանի ճամբարը, ուր մանուկները զիրենք դիմաւորեցին աղով ու հացով: Միասնաբար ճաշելէ ետք սկսան զանազան խաղերու եւ ուրախ ժամանցի:

Երեկոյեան անոնք վերադարձան Երեւան եւ ներկայ գտնուեցան Հայաստանի պարի պետական համոյթի ելոյթին, օփերայի մէջ:

12 Յուլիսին ֆորումի մասնակիցները մեկնեցան Օշական, ուր այցելեցին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին: Եկեղեցիի քահանան դասախօսեց հայերէն տառերու եւ այբուբենի մասին: Օշականէն ետք ֆորումականները ճամբայ ելան դէպի Գիւմրի: Հոն անոնք շրջեցան քաղաքին մէջ, ապա այցելեցին Յովհաննէս Շիրազի տուն-թանգարան: Ներկայ գտնուեցան Գոհար համոյթի փորձին եւ երեկոյեան վերադարձան Երեւան:

13 Յուլիսի առաւօտեան ֆորումականները այցելեցին Կոմիտասի տուն-թանգարան եւ Պանթէոն: Ապա անոնք ժամանեցին Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցը, ուր ծանօթացան հայկական ազգային նուագարաններուն եւ աշուղական երգերուն: Անոնք նաեւ ունկնդրեցին ՙՍայաթ Նովա՚ աշուղական խումբին երգերը, ապա մեկնեցան Չարենցի կամար:

Կէսօրին ուսանողները հասան Գառնի գիւղը, ուր նախ այցելեցին Քարերու սիմֆոնիան, ապա` Գառնիի տաճարը: Վերադարձի ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Գեղարդի Վանք, ապա վերադարձան Երեւան:

Երեւանի մէջ իրենց վերջին օրուան ընթացքին Համազգային ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան թանգարան: Յետոյ՝ անցան Եռաբլուրէն, որպէսզի յարգեն արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը:

15 Յուլիսին Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները ճամբայ ելան դէպի Արցախ: Ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Խոր Վիրապ եւ այցելեցին Պարոյր Սեւակի տուն- թանգարանը: Երեկոյեան ժամանեցին Ստեփանակերտ, ուր դիտեցին Մոնտիալի ախոյեանութեան աւարտական խաղը:

16 Յուլիսի առաւօտեան ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Արցախի Ազգային ժողով, ուր տեսակցութիւն մը ունեցան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի հետ: Ապա անոնք մեկնեցան Շուշի, ուր նախ ՙարշաւեցին՚ դէպի Յունոտի կիրճը, ապա այցելեցին Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցի: Վերադարձի ճամբուն վրայ մասնակիցները այցելեցին Շուշիի բերդը եւ արցախեան ազատագրական պայքարէն մնացած նշանաւոր հրասայլ-յուշակոթող:

17 Յուլիսը իւրայատուկ օրերէն էր: Արդարեւ, Ստեփանակերտի զօրամասին մէջ հաւաքի մասնակիցները ծանօթացան կառոյցի տարբեր բաժանմունքներուն: Այցելութեան աւարտին, անոնք զինուորներուն հետ ուրախ պահեր անցուցին եւ ազգագրական երգեր երգեցին: Ապա այցելեցին ՙԶոհուած ազատամարտիկներու՚ եւ ՙԱնյայտ կորածներու՚ թանգարանները: Պանդոկին մէջ ճաշելէ ետք, անոնք մեկնեցան Գանձասար, ճամբուն վրայ տեսան ՙՏատիկն ու պապիկը՚ եւ Վագրի Լեռը, ապա բարձրացան վանք:

Երեկոյեան ընթրեցին ՙՄենք ենք մեր սարերը՚ երաժշտական խումբին ներկայութեամբ եւ կատարեցին ֆորումի պաշտօնական փակումը:

Հաւաքի վերջին օրը մասնակիցները վերադարձան Երեւան` ճամբուն վրայ այցելելէ ետք Տաթեւ եւ ճոպանուղիով վանք ուղղուելէ ետք: Անոնք նաեւ այցելեցին Նորավանք: Երեկոյեան արդէն բաժանման յուզումնալից պահեր ապրեցան անոնք եւ միասնաբար երգեցին` ՙԴարձեալ զիրար կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն՚: