Հայաստանի Եւ Արցախի Պետական Այրերը Եռաբլուրի Մէջ Յարգեցին Հայրենիքի Անկախութեան Համար Զոհուած Հայորդիներու Յիշատակը


ԵՐԵՒԱՆ․- Սեպտեմբեր 21ին` Հայաստանի անկախութեան 26րդ տարեդարձին առիթով՝ Եռաբլուր պանթէոն այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական այրերը:

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոս, Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սեպտեմբեր 21ին կը նշէ իր անկախութեան 26րդ տարեդարձը:

Հայ ժողովուրդը 26 տարի առաջ այս օրը հանրաքուէի միջոցով «այո» ըսաւ Հայաստանի անկախութեան: Հայաստանի չափահաս բնակչութեան մեծամասնութիւնը «Համաձա՞յն էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ըլլայ ժողովրդավարական անկախ պետութիւն` ԽՍՀՄ կազմէն դուրս» հարցումին “այո” պատասխանեց: Երկու օր անց` Սեպտեմբեր 23ին, երկրի Գերագոյն Խորհուրդը Հայաստանը հռչակեց անկախ, ինքնիշխան հանրապետութիւն:

Հռչակագրի ընդունումով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբ դրուեցաւ եւ Հայաստանի պատմութեան մէջ սկսաւ երրորդ հանրապետութեան կառուցումը: Արդիւնքով` Հայաստանի տարածքին կը գործեն միայն ՀՀ Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները: Հայոց պետականութեան կրողը Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդն է: Հայաստանի տարածքին բնակող բոլոր քաղաքացիներուն համար կը սահմանուի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը: Արտերկրի հայութիւնը Հայաստանի քաղաքացիութեան իրաւունք ունի:

Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյնն է, նորանկախ Հայաստանի զինանշանը` Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան /1918-1920/ զինանշանն է, որու հեղինակներն են ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանը եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը: Հայաստանի օրհներգը եւս Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրհներգն է: Խօսքերուն հեղինակը Միքայէլ Նալբանդեանն է, իսկ երաժշտութեան հեղինակը՝ Բարսեղ Կանաչեանը: