Հայաստան Պատրաստ է Դուռը Բանալու, Բայց Թուրքիան ալ Պէտք է Ատոր Պատրաստ Ըլլայ. Կարօ Փայլան


“Երկիր”․- Վերջերս Հայաստան գտնուող Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Սեպտեմբեր 22ին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւններուն։

«Բացի պաշտօնական այցելութիւններէն եւ Հայաստան-սփիւռք համաժողովին մասնակցելէ․ Երեւան գալու իմ նպատակս էր երկու երկիրներու կապերը: Ես Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւորն եմ։ Թէ Թուրքիոյ, թէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման ճանապարհին վրայ մեծ վնաս է երկու երկիրներու կապերու այս սառած վիճակը, ես կ՛ուզեմ կամուրջ ստեղծել այդ հարցով, կ՛ուզեմ գոնէ քիչ մը բանալ երկխօսութեան դուռը: Գիտեմ, որ դժուար է, բայց ամենամութ ժամանակներու մէջ նոյնիսկ քիչ մը բաց պէտք է պահել երկխօսութեան դուռը», յայտնած է Փայլան:

Անդրադառնալով հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, ան ըսած է ․«2009-ն հայ-թրքական արձանագրութիւնները ստորագրեցինք եւ ատկէ ետք այդ ճանապարհով չկրցանք քալել: Թուրքիոյ մէջ պայմանները վատ են եւ կը վատանան, ազգայնականները ուժ ունին: Բայց Թուրքիոյ մէջ մեծամասնութիւնը գոհ չէ ազգայնականներու` այս ընտրած ճանապարհէն: Մենք` ժողովրդավարներս, գիտենք, որ դուռը փակ է, իսկ այն գոնէ քիչ մը բանալու համար պէտք է ջանք թափենք: Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը, դժբախտաբար, անկում կ՛ապրի: Բայց Հայաստանը աւելի ինքնավստահ է հիմա եւ կ՛ըսէ. «Եթէ Թուրքիան սա չընդունի, մենք դռները պիտի փակենք» (ՄԱԿի ամպիոնէն նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ մինչեւ 2018ի Ապրիլ, եթէ Թուրքիան հայ-թրքական արձանագրութիւններու ատնչութեամբ որեւէ քայլի չդիմէ, ատոնք առ ոչինչ պիտի համարուին Հայաստանի կողմէ):

«Պարոն Նալպանտեանի հետ հանդիպեցայ, պարոն վարչապետին հետ հանդիպեցայ, ասուլիսէն ետք ալ պիտի հանդիպիմ նաեւ պարոն նախագահին հետ եւ գիտեմ` անոնք պատրաստ են այս դուռը բանալու, բայց Թուրքիան ալ պէտք է ատոր պատրաստ ըլլայ: Պէտք է երկխօսութեան դուռը քիչ մը բանանք: Ատիկա շատ կարեւոր է, ես ատոր համար ալ այստեղ եմ: Եթէ այս ջանքս իրականանայ, Թուրքիա վերադառնալուս պէս պիտի խօսիմ թուրք նախարարներու հետ եւ պիտի ջանամ այս դուռը բանալ», մանրամասնած է հայ պատգամաւորը:

Լրագրողները հետաքրքրուեցան Պոլսի հայոց պատրիարքարանի ընտրութիւններուն եւ այդ հարցով իշխանութիւններու խոչընդոտներուն մասին:

«Մեր պատրիարքը հիւանդ է, եւ տասը տարիէ ի վեր, դժբախտաբար, այդ աթոռը դատարկ է: Թուրքիոյ հայ ժողովուրդը ընտրուած հոգեւոր հայր չունի: Ատոր համար ալ այս խնդիրը մեծցաւ: Թուրքիոյ մէջ հիմա քաղաքականութեան պայմանները վատ են: Թուրքիոյ հայերուն մէջ վախ կայ, եւ այս վախը երթալով կ՛աճի: Ասոր համար մենք կարիքը ունինք ընտրուած պատրիարքի մը: Այս պայմաններուն մէջ ալ տարիներ շարունակ մեր պետութիւնը կ՛ուզէ իր ուզածը ըլլայ. «Ես որուն կ՛ուզեմ, ան պատրաիարք պիտի ըլլայ», կ՛ըսէ: Ունինք 5-6 թեկնածու: Մենք կ՛ուզենք` ով ժողովուրդին համար լաւ է, ան ընտրուի: Կարեւոր է նաեւ, որ ան ըլլայ Թուրքիոյ, Հայաստանի, Սփիւռքի, այսինքն`  բոլոր հայերուս պատրիարքը», ըսաւ Փայլան` աւելցնելով, որ ջանքեր կը գործադրէ, որ ընտրութիւնները այս տարի ըլլան: