Հայկական Քարահունջը՝ Աշխարհի Լաւագոյն Ամենահին Աստղադիտարաններու Տասնեակին Մէջ


 

Հայաստանի Քարահունջ մէգալիթեան համալիրը ճանչցուած է աստղերը դիտելու համար  աշխարհի 10 լաւագոյն վայրերէն մէկը:

Աշխարհի լաւագոյն ամենահին աստղադիտարաններու ցանկը կազմած է լուսանկարիչ Պապակ Թաֆրեշին National Geographic–ի համար։

Համալիրը յայտնի է նաեւ «Զօրաց քարեր» անուանումով, անիկա կը ներառէ 223 քար, ու հրաշալի վայր է Օրիոն համաստեղութիւնը դիտելու հաար: Հեղինակին խօսքով քարերէն քանի մը հատը մինչեւ 10 թոն կը կշռեն ու անոնց վրայ կլոր անցքեր կան:

Աշխարհի լաւագոյն ամենահին աստղադիտարաններու ցանկին մէջ են նաեւ Չաքօ կիրճը ԱՄՆ Նիւ Մեքսիքօ նահանգին մէջ, Փորթուկալի մէջ գտնուող Կրոմլեխ Ալմենդրիշ մէգալիթեան համալիրը, «Մեթէորներ» եկեղեցիները Յունաստանի մէջ, Ալամուտ ամրոցի աւերակները Իրանի մէջ եւ այլն: