Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Միաձայնութեամբ Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Դեկտեմբեր 12-ին, միաձայն քուէարկութեամբ, ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող` ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեսի ներկայացուցած թիւ 150 բանաձեւը:

Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` պաշտօնապէս ճանչնալով եւ յիշատակելով զայն, ինչպէս նաեւ մերժելու Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան կամ որեւէ այլ ցեղասպանութեան ժխտման մէջ ներգրաւելու, ներառելու կամ որեւէ ձեւով առնչելու փորձերը:

Ան նաեւ կոչ կ՛ընէ խրախուսելու Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերու` ներառեալ մարդասիրական օգնութեան գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերին եւ մարդկութեան դէմ ներկայիս իրականացուող յանցագործութիւններու ու Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ առնչութիւններու վերաբերեալ կրթութիւնը եւ հանրային իրազեկութիւնը։

Հետաքրքրական է, որ այս անգամ ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը վեթօ չդրաւ փաստաթուղթի քուէարկութեան վրայ: Վերջին ամիսներուն 3 անգամ Հանրապետական տարբեր ծերակուտականներ` Քեւին Քրամըր, Տէյվիտ Փերտիւ, Լինսի Կրահամ, վեթոյով թոյլ չէին տուած, որ բանաձեւը ընդգրկուի Ծերակոյտի օրակարգին մէջ:

3 ծերակուտականներն ալ սկզբունքօրէն դէմ չեն արտայայտուած բանաձեւի ընդունման, սակայն նշած են, որ այժմ ատոր ժամանակը չէ: Անցնող ամիսներուն, բանաձեւին կողմ արտայայտուելու եւ քուէարկելու ուղղութեամբ հսկայական աշխատանք տարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Բոլոր ծերակուտականները անոնց կազմակերպութեամբ գտնուած են հայ ընտրողներու ուշադրութեան տակ:

Ի դէպ, մինչ քուէարկութիւնը, գրեթէ մէկ ժամ առաջ Քիմ Քարտաշեան արձագանգած է Հայ Դատի յանձնախումբի կոչին, եւ իր Ինսթեկրամի էջին վրայ, շուրջ 135 միլիոն հետեւորդներուն կոչ ըրած է զանգահարելու ծերակուտականներու գրասենեակներ եւ պահանջելու կողմ ըլլալ ներկայացուած բանաձեւին:

Յիշեցնենք, որ այս բանաձեւէն անկախ, գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ փաստաթուղթ մը ընդունած էր նաեւ Ներկայացուցիչներու Պալատը: