Միացեալ Նահանգներ Պարտաւոր է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Աննա Էշու


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի հայ գործիչ Աննա Էշու վստահ է, որ Միացեալ Նահանգներ պարտաւոր է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան այս մասին ըսած է Սեպտեմբեր 19ին Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ տեղի ունեցած լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ հնարաւո՞ր է, որ Միացեալ Նահանգներ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի օրով:

«Մեզմէ շատերը չեն դադրիր աշխատելէ այս ուղղութեամբ: Մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը, որպէսզի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները միանայ միջազգային հանրութիւնը ներկայացնող այն մեծաթիւ երկիրներուն, որոնք արդէն իսկ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ատիկա անցեալի սարսափի մասին է, սակայն, ես նաեւ կը կարծեմ, որ մեր այցը կ՝առնչուի մեր ապագային ու հայ-ամերիկեան գործընկերութեան, տնտեսական կապերու ամրապնդման: Ատիկա ո՛չ միայն Հայաստանի եւ հայերու, այլեւ Ամերիկայի շահերէն կը բխի», ըսած է քոնկրէսականը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին ան ըսած է՝ Հայաստանը լիովին չի կրնար առաջ շարժիլ, մինչեւ չլուծուի արցախեան հարցը:

«Մենք ընդգծած ենք, որ Մինսկի խումբի առաքելութիւնը պէտք է առաջ շարժի: Մենք կը հաւատանք, որ ատիկա շատ կարեւոր է խնդիրի խաղաղ հանգուցալուծման համար: Ատիկա, այսօր, Հայաստանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր սերունդի շահերէն կը բխի», շեշտած է ան

Յիշեցնենք, որ հայկական արմատներ ունեցող քոնկրէսական Ճեքի Սփիր Գանչելեանի նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 17ին, Հայաստան ժամանած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսականներու ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը: