«Որքան Ալ Մեր Վիրաւոր Զինուորներուն Օգնենք, Դարձեալ Պարտական Կը Մնանք Անոնց»․ «Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Ֆոնտ»ի Գործադիր Տնօրէն


Սալբի Սաղտըճեան


1994ի զինադադարէն ի վեր, Հայաստան կը գտնուի ո՛չ պատերազմ-ո՛չ խաղաղութիւն իրավիճակի մէջ։ Այս 23 տարիներուն ընթացքին, Հայկական զինուած ուժերը դէմ կը դնեն Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններուն։ Դեռ 2016ի Ապրիլին թշնամին մեծ ուժերով եւ արդիական զինուորական սարքերով յարձակեցաւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ։ Քանի մը օրուան բուռն մարտերէն ետք՝ կրկին «զինադադար» հաստատուեցաւ։ Սակայն, առ այսօր, ազերին Հայկական բանակի դիրքերը կ՛արկակոծէ, որու հետեւանքով կ՛ունենաք բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։

Զոհուած զինուորներու ընտանիքները՝ կորուստի ցաւը իրենց սրտերուն մէջ՝ կը շարունակեն ապրիլ, իսկ վիրաւորներէն շատեր տարբեր անդառնալի վնասուածներով կը դառնան հաշմանդամ։

Հայաստանի մէջ այսօր ունինք զինուորական ծառայութեան ընթացքին հաշմանդամ դարձած բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնց իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ ձեռք կը մեկնեն պետութիւնը, կազմակերպութիւններ եւ անհատ բարերարներ։

2016ի  ապրիլեան պատերզմէն ետք, Պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկով հիմնուեցաւ զոհուած եւ վիրաւորուած զինծառայողներու հիմնադրամ՝ աջակցելու  Հայաստանի պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման համար։ Հիմնուեցան նաեւ կազմակերպութիւններ, որոնք Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար կ՛աջացին բանակին եւ վիրաւոր զինուորներուն։ Այսպիսի կազմակերպութիւններէն է «Հայ վիրաւոր հերոսներու  ֆոնտ»ը (Armenian wounded heroes fund)։

2016 Ապրիլին հիմնուած այս բարեսիրական կազմակերպութեան նպատակն է փրկել, աջակցիլ եւ զօրակցիլ վիրաւոր զինուորներուն։ Ան հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ ամբողջութեամբ կամաւորական սկզբունքով, իսկ ֆոնտին նուիրուած իւրաքանչիւր կոպեկը՝ կը նուիրաբերուի հայ զինուորին։ 

Գոհաբանութեան օրուան (Thanks giving) առիթով, Նոյեմբոր 24ին, վերոնշեալ կազմակեպութիւնը կազմակերպած էր բաց երեկոյթ-հանպիպում մը՝ ի պատիւ Հայաստանի բանակի վիրաւոր զինուորներուն։ Երեկոյթին ներկայ էին վերջին տարիներուն զինուորական ծառայութեան ընթացքին տարբեր վնասուածնքներ ստացած մօտ երկու տասնեակ զինծառայողներ, զինծառայողներու մայրեր, Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան զինուորական կցորդներ, զինուորականներ եւ հիւրեր։ Ֆոնտի գործադիր տնօրէն Ռազմիկ Արզումանեան՝ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, յայտնեց, որ այս հանդիպումը կազմակերպած են՝ շնորհակալութիւն յայտնելու մեր վիրաւոր հերոսներուն եւ անոնց տառապած ծնողներուն, յատկապէս մայրերուն, ինչպէս նաեւ, որպէսզի մեր հերոսները շփուին ժողովուրդին հետ եւ իմանան, որ իրենք առանձին չեն եւ բոլորը իրենց կողքին են։

Արզումանեան «Հայ վիրաւոր հերոսներու  ֆոնտ»ի գործունէութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցնելով, նշեց՝

– Ֆոնտը ԱՄՆ դեսպանատան հետ համագործակցաբար՝ Զինուած ուժերուն համար կազմակերպած է առաջին բուժօգնութեան դասընթացք։ Ըստ անոր, առաջին օգնութիւնը չափազանց կարեւոր է զինուորին կեանքը փրկելու համար։ Այդ իսկ պատճառով՝ կազմակերպութիւնը, նաեւ առաջնագիծի զինուորներուն համար նուիրած է 7500 առաջին բուժօգնութեան պայուսակներ՝ 400 հազար տոլարի պիւտճէով մը։ Իսկ յաջորդ տարի, նոյնպէս նկատի առնուած է 150 հազար տոլարի պիւտճէով մը շարուանկել պայուսակներու նուիրաբերումը։

-Օգնութիւնը հիւանդանոցներուն․ Մուրացանի զինուորական հիւանդանոցին եւ Միքայէլեան վերականգնողական կեդրոնին, ուր պառկած են վիրաւոր եւ վերականգման մէջ եղող զինուորները։

Ըստ անոր, կազմակերպութեան գործունէութեան յաջորդ փուլը պիտի ըլլայ օգնութեան ձեռք մեկնել հաշմանդամ զինուորներուն, սորվեցնել, պատրաստել, որպէսզի անոնք մտնեն սովորական կեանք։ «Կան կամաւորներ, որոնք զինուորներուն կը սորվեցնեն հաշուապահութիւն, օտար լեզուներ։ Իսկ եթէ կան գործատուներ, որոնք ցանկութիւն ունին աշխատանքի ընդունելու մեր հերոսները, մենք ըստ այնմ կը պատրաստենք զանոնք», ըսաւ ան։  Ան իր խօսքի վերջաւորութեան ըսաւ․ «Սիրելի հերոսներ՝ մենք, որքան ալ ձեզի օգնենք, դարձեալ կը մնանք ձեզի պարտական»։

Ֆոնտը աջակցած է շատ մը վիրաւոր զինուորներու՝ կեանքի վերադարձնելով զանոնք եւ կեանքին հանդէպ անոնց հաւատք ներշնչելով։

Ձեռնարկին ներկայ մօտ երկու տասնեակ հաշմանդամ երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը ունի իր փորձութիւնը, իւրաքանչիւրը արժանի է մեծ ուշադրութեան եւ նեցուկի։ Դժուար է այս էջերուն մէջ գրել բոլորին մասին, այդ իսկ պատճառով, պիտի անդրադառնամ քանի մը հոգիի միայն։

Աւագ սպայ Սարգիս Ստեփանեանը վիրարուած է 2014 թուականի ամրան, Արցախի մէջ ազրպէյճանանական ներթափանցման փորձին դէմ դնելու ընթացքին՝ իր վիրաւոր ընկերը ականապատուած տարածքէն դուրս հանելու ժամանակ։ Ան կորսնցուցած է իր երկու ոտքը եւ մէկ ձեռքը։ Սարգիսը, շնորհիւ իր զօրաւոր կամքին, կրցած է յաղթահարել իր ֆիզիքական դժուարութիւնները։ Ան մարզուած է եւ վերջերս մասնակցած է հաշմանդամներու աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան, ուր նուաճած է երկու ոսկէ եւ մէկ արծաթէ մետալ։ «Հաշմանդամութիւն ունեցող մարդ ես կամ ոչ, կարեւորը ցանկութիւնն է, ձգտումը, հաւատքը քու ուժերուդ։ Եթէ դուն նպատակասլաց ես եւ կ՛ուզես որեւէ բան ընել այս կեանքին մէջ եւ քեզի համար նպատակ կը դնես, անպայման կը հասնիս», կը վստահեցնէ Սարգիսը եւ կ՛աւելցնէ, որ յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզէ յայտնել «Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամ»ին, որ իրեն հնարաւութիւն ընձեռնեց մասնակցելու ախոյեանութեան՝ հոգալով իր բոլոր ծախսերը։

 

Դաւիթ Սարգսեանը ողնահարի վնասուածք ստացած է 2015ի Օգոստոսին։ Մէկ տարուան մերսումներէ ետք, այժմ ինքզինք աւելի լաւ կը զգայ, կրնայ հանգիստ նստիլ սայլակին։  Բուժման եւ վիրահատութեան համար պէտք է արտասահման մեկնի, բայց նիւթական դժուարութիւններու պատճառով չի կրնար։  Ինքնաշխատութեամբ անգլերէն սորված է եւ քանի մը ամիսէ ի վեր կ՛աշխատի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ։ «Թէեւ կը յոգնիմ, բայց հաճելի յոգնութիւն է», կ՛ըսէ ան։ Վերոնշեալ ֆոնտի կազմակերպած դասընթացքներուն կը մասնակցի եւ հաշուապահութիւն կը սորվի։ Դաւիթը վստահ է, որ դեռ շատ ընելիքներ ունի, յոյսով է՝ որ օր մը անպայման ոտքի պիտի կանգնի։

Ռոլանտ Սահակեանը վիրաւորուած է Թալիշի մէջ, Ապրիլ 4-ին, քառօրեան պատերազմին ժամանակ։ Մայրը կ՛ըսէ,  երբ որդիս բերին, միայն սիրտը կ՛աշխատէր, մնացեալ ամէն օրգանները վնասուած էին։ 12 վիրահատութեան ենթարկուած է։ Մոսկուա ուղարկուած է բուժման։ Բժիշկներու գնահատմամբ՝ մերսումներով ժամանակի ընթացքին պիտի վերականգնի։ «Բայց այդ բոլորով հանդերձ Փառք Աստուծոյ կ՛ըսենք», կ՛աւելցնէ Ռոլանտի մայրը։

Աւետիս Զարգարեանը քառօրեայ պատերազմի մասնակիցներէն է։ Գետաշէնցի ծնողներու զաւակ 19ամեայ երիտասարդը, որ վերջին տարիներուն ընտանիքին հետ Ռուսիա կ՛ապրէր, ծառայելու եւ հայրենիքի հանդէպ իր պարտքը կատարելու նպատակով վերադարձած է Հայաստան: 2016ի Ապրիլ 4ին, Թալիշի մէջ ընթացող մարտերուն ընթացքին ծանր վիրաւորուած է։ Գնդակը մտած էր անոր ծնոտէն, թիկունքով ներքեւ իջած՝ վնասելով քանի մը ող եւ ողնուղեղը:  Բժիշկները յոյս չեն տուած, թէ կ’ապրի, բայց Աւետիսը կեանքի վերադարձած է եւ այժմ կը պայքարի իր առողջութիւնը վերագտնելու համար։ «Հայ վիրաւոր հերոսներու ֆոնտ»ի նիւթական միջոցներով ուղարկուած է Մոսկուա վիրահատութիւններու։ Այժմ ան իր բուժումները կը շարունակէ Երեւանի Միքայէլեան հիւանդանոցի վերականգնողական կեդրոնին մէջ։

«Պատերազմը թէեւ իմ ֆիզիքականիս վնասեց, բայց կեանքի հանդէպ իմ լաւատեսութիւնը ու հաւատքը չմարեց։ Ես առաջուան պէս ուժեղ եմ, դարձած եմ աւելի նպատակասլաց եւ համոզուած եմ, որ օր մը անպայման ոտքի պիտի կանգնիմ», կ՝ըսէ Աւետիսը։

Երիտասարդներ, որոնք հերոսաբար դէմ դրին թշնամիին՝ շպրտելով զանոնք սահմանէն այն կողմ, այսօր նոյնքան քաջութեամբ եւ մեծ կամքով կը պայքարին իրենց առողջութիւնը վերականգնելու եւ որպէս լիիրաւ անձ կեանքին բացուելու։ Անոնց վերականգնումը բաւական ծախսալից է, որու համար կարիք կայ իւրաքանչիւրիս նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան։ Նեցուկ կանգնինք մեր վիրաւոր զինուորներուն՝ վերագտնելու իրենց առողջութիւնը։