Պատմական Անին Կը Դառնայ Թուրքիոյ Արեւելեան Ամենատարածուած Զբօսաշրջային Ուղղութիւնը. Թրքական Թերթին Անդրադարձը


«Թերթ»․- Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը անդրադարձած է հին հայկական մայրաքաղաքներէն Անիին` զայն անուանելով «քաղաքակրթութիւններու օրրան»:

«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին, ժամանակակից Կարս նահանգի Արփաչայ շրջանի մօտ գտնուող Անին 961-1045 թուականներուն եղած է հայկական Բագրատունի թագաւորական տոհմի մայրաքաղաքը», կը գրէ թրքական գործակալութիւնը` միաժամանակ նաեւ շեշտելով, որ տարածքին մէջ իշխած ու ապրած են բազմաթիւ ժողովուրդներ` ռուսերէն մինչեւ իրանցիներ ու սելճուքներ:

Կարսի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Նեճմեթթին Ալփը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ այս ձմեռ Անի շտապող զբօսաշրջիկներուն թիւը եռապատկուած է, եւ ան դարձած է տեղի ամենայայտնի զբօսաշրջային ուղղութիւններէն մէկը:

«Մարդիկ կու գան այստեղ տեսնելու Կարսի պատմութիւնը, Սարիղամիշը, Չըլտըր լիճը, եկողները անպայման Անին ալ կը տեսնեն:

«Այս ձմեռ զբօսաշրջիկներուն թիւը եռապատկուած է, Աստուած տայ` միւս տարի ալ նոյն ցուցանիշները ունենանք: Կը կարծեմ, որ ատիկա նաեւ իր նպաստաւոր դերը պիտի ունենայ Անիի պատմական կառոյցներու վերանորոգման ծրագիրներու արագացման գործին մէջ»,  ըսած է Ալփը:

Ան նշած է, որ տեղացի զբօսաշրջիկներու մեծ մասը այստեղ կու գան հիմնականօրէն Անիի Մայր տաճարի, ինչպէս նաեւ Անատոլիոյ տարածքին առաջին թրքական մզկիթը համարուող Ապուլ Մանուչեհրի մզկիթը տեսնելու համար:

Ամիսներ առաջ BBCի թրքալեզու ծառայութիւնը յատուկ անդրադարձ կատարած էր Անիի պատմութեան ու զայն անուանած «մոռացուած կայսրութեան մայրաքաղաք»:

«Այստեղ մնացած բազմաթիւ եկեղեցիներու աւերակները, կարծես, լքուած քաղաքի լուռ պահակներն են», գրած էր ծառայութեան թուրք թղթակիցը` աւելցնելով, որ Բագրատունեաց թագաւորութեան օրերուն` Անիի տնտեսական հզօր կեդրոն եղած ժամանակ, այստեղի բնակչութիւնը անցած է 100 000-ը:

Թուրք թղթակիցը նաեւ շեշտած էր, որ UNESCOի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ տեղ գտած Անիի պատմամշակութային ժառանգութեան շուրջ բանավէճերը թուրք եւ հայ պատմաբաններու միջեւ չեն դադրիր, սակայն, այնուամենայնիւ, վերջին շրջանին երկու կողմի պատմաբաններն ու հնագէտները սկսած են յիշեցնել աշխարհին Անիի մոռցուած կարեւորութեան մասին: