Տեղի Ունեցաւ Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Նոր Շէնքին Բացումը


“Արցախփրես”․- Սեպտեմբեր 6ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի է ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան ջանքերով կառուցուած «Սօսէ» մանկապարտէզի նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

DSC_1968

Բացման արարողութեան ներկայ հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսած է, որ Արցախի նախադպրոցական հաստատութիւններու շարքին կարեւոր  դերակատարութիւն ունի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը, որ հիմնադրուած է Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու ջանքերով եւ կը հանդիսանայ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան իւրայատուկ խորհրդանիշ մը:

DSC_9137

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են այս հայրենանուէր նախաձեռնութեան իրականացման` մեր ժողովուրդի հոգերով ապրելու, հայրենիքին միշտ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեան համար:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան նշած է, որ այս նորակառոյց շինութիւնը պէտք է մանուկներու համար դառնայ օճախ, ուր անոնք պիտի ստանան հայեցի դաստիարակութիւն:

DSC_9181

Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Քարոլին Շմաւոնեան նշած է, որ միութիւնը այս նոր կառոյցով հիմնաքար մը կը զետեղէ պատմութեան էջերուն մէջ: «Բազմայարկ մանկապարտէզը պաշտօնապէս իր դռները կը բանայ հայ կնոջ անպարտելի կամքին շնորհիւ, մատաղ սերունդի դաստիարակութեան համար եւ Սօսէ մայրիկի յիշատակին: Մէկ անգամ եւս կը հաստատենք, որ հայ ազգի համար ամենաթանկը իր փոքրիկ մանուկներն են»,- ըսած  է ան եւ աւելցուցած, որ, ինչպէս միշտ, ՀՕՄ-ը համահայկական կազմով հաւատարիմ կը մնայ իր հայրենանուէր առաքելութեան:

DSC_8988

Մանկապարտէզի շինարարութեան աշխատանքներուն շուրջ 100 հազար տոլար աջակցութիւն ցուցաբերած եւ շէնքը համացանցային կապով ապահոված «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Գարեգին Օտապաշեան նշած է, որ նպատակը ոչ միայն մանկապարտէզի նոր շէնք ունենալն էր, այլեւ հայապահպանութիւնը, հայրենիքի ամրապնդումը, լեզուի եւ մշակոյթի զարգացումը:

ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերաշինութեան հանգանակային յանձնախումբի ատենապետուհի Անժէլ Մանուկեանն նշած է, որ ՀՕՄ-ուհիները բարոյական պարտականութիւն ունին ծառայելու իրենց հայրենիքի զաւակներուն:

Մանկապարտէզի կառուցման աշխատքներուն աջակցած է նաեւ մանկապարտէզի նախկին սան 7-ամեայ Տիգրան Դաւթեան: Ան, Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան դրամատիկական թատրոնին մէջ խաղալով իր առաջին դերը եւ ստանալով առաջին վաճարը, զայն նուիրաբերած է մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներուն: Ան նշած է, որ իր մանկապարտէզ յաճախելէն ետք շէնքը քանդած են, եւ ինքը, թատրոնին մէջ կերտելով Փոքրիկ իշխանի դերը, ստացած փողը նուիրաբերած է շէնքի կառուցման, յոյս ունենալով, որ փոքրիկ եղբայրը եւս յաճախէ մանկապարտէզ:

Մանկապարտէզի տնօրէն Նելլի Ղուլեան նշած է, որ շատ ոգեւորուած է, քանի որ Արցախի փոքրիկները պիտի յաճախեն ժամանակակից պայմաններով յագեցած նոր մանկապարտէզ: Այսօր «Սօսէ» յաճախելու հնարաւորութիւն ունին Արցախի 120 փոքրիկներ:

նելլի

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլյան, վարչապետ Արայիկ Հարությունյան, պաշտոնատար այլ անձիք, ներկայացուցիչներ Հայաստանէն և Սփիւռքէն:

DSC_8969

DSC_2083