Վերականգնո՛ղ Հալէպ


ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ


Քանի օրէ ի վեր կը հետեւինք սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակիցներուն արագ յառաջընթացին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ Հալէպը գրեթէ ամբողջովին ազատագրուեցաւ եւ շուտով «ապահով քաղաք» դառնալու կը պատրաստուի:

Ազատագրուած եւ արդէն իսկ ապահով շրջաններէն հասած լուսանկարները աւերին միայն մէկ մասը կը փոխանցեն: Փլած ամէն մէկ շէնք քանի՜ ընտանիքներու ողբերգութիւնը կը փոխանցէ… Ընտանիքներ, որոնք, Աստուա՜ծ գիտէ, այսօր ի՛նչ ճակատագիրով կ՛ապրին:

Այդ լուսանկարներուն զուգահեռ՝ լուսաւոր պատկերներ ալ կան:

Ուշադրութիւն ըրի՞ք, թէ ազատագրուած եւ ապահով շրջանները վերականգնելու ինչպիսի՜ արագ աշխատանք կը տարուի:

Նոր Գիւղէն մինչեւ Սիւլէյմանիէ, մինչեւ Մեսէքէն Հանանօ եւ այլուր… փողոցները կը մաքրուին, աղբերն ու քարակոյտերը կը հեռացուին, կուպրապատում եւ ծառատունկ կը կատարուի…

Այս բոլորը յոյս կը ներշնչեն: Կը հաստատեն, որ այս շրջանները այլեւս սակարկութեան առարկայ չե՛ն:

Ես լաւատե՛ս եմ:

Կը հաւատամ, որ Հալէպը շուտով կը վերականգնի եւ կ՛աշխուժանայ, իսկ գրաւը՝ քանի մը տուեալի վրայ կարելի է դնել.

1- Ժողովուրդը… Հալէպցին աշխատասէր է: Ճակտի քրտինքով ոտքի կանգնելու համար ամէ՛ն ճիգ կը թափէ: Լուրերուն հետեւող մեկնաբանութիւնները կը վկայեն, որ այս քաղաքէն հեռացածներուն մէկ մասը պիտի վերադառնայ եւ պիտի շարունակէ հոն ապրիլ: Անշուշտ, խօսքս հայերու մասին չէ՛: Հալէպ 4 միլիոնէ աւելի բնակիչ ունէր…

2- Սուրիան իր տնտեսութիւնը զօրացնելու փորձառութիւն ունի: 1980ականներուն, երբ երկիրը Արեւմտեան շրջափակման (ամպարկօ) ենթակայ էր, խիստ պայմաններու մէջ կրցաւ պայքարիլ դուրսէն գաղտնի եւ անօրէն միջոցներով ապրանք բերելու փորձերուն դէմ եւ յաջորդ տասնամեակին կրցաւ տեղական արտադրութեան, նոյնի՛սկ արտածումի, մեծ շուկայ ստեղծել: Երանի՜ Հայաստանն ալ կարենայ այդ խիզախ քայլին դիմել: Հալէպի գործարանները թալանող եւ ապրանքը Թուրքիա փոխադրողները գիտէին, թէ ի՛նչ կ՛ընէին…

3- Իշխանութիւնը, հակառակ իր բազմաթիւ թերութիւններուն, ասկէ առաջ կրցած էր արտադրութեան եւ աշխատանքի յարմար պայմաններ ստեղծել: Թէեւ պատերազմը աւելի շատ թերութիւններ ծնաւ, բայց նոյնի՛սկ այս պայմաններուն մէջ, իշխանութիւնը կրնայ նո՛յնը ընել:

Կ՛արժէ այս թեմային աւելի խոր անդրադառնալ: Ես այդ մասնագէտը չեմ…