«Գանձասար»․- Յունիս 7ին Լաթաքիոյ Հմէյմիմ ռազմական օդակայան հասաւ Հայաստանէն մարդասիրական օգնութեան հերթական օգնութեան առաջին օդանաւը:
Օդակայանին մէջ մարդասիրական օգնութիւնը ստանձնեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Վազգէն Խանճեան: Հմէյմիմ օդակայանէն օգնութիւնը բեռնատարներով պիտի տեղափոխուի Սուրիոյ չորս քաղաքներ՝ Դամասկոս, Հալէպ, Լաթաքիա եւ Քեսապ, ապա տեղի պիտի ունենայ օգնութեան բաշխումը կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Վերջին մէկ տարուան ընթացքին ասիկա Հայաստանի կողմէ Սուրիա առաքուած երրորդ օգնութիւնն է:
Այս անգամ Սուրիոյ յատկացուած է շուրջ 40 թոն սնունդ և անհրաժեշտ իրեր։
Օգնութեան տեղափոխումը Սուրիա կ՚իրականանայ Ռուսաստանի կողմէ տրամադրուած ռազմական օդանաւերու միջոցով: