«Ակօս»․- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարած Արամ արք. Աթէշեան Տիարպեքիրի մէջ այցելած է Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցի, որ տարածաշրջանին մէջ թրքական ուժերու գործողութիւններուն ընթացքին կողոպտուած ու մեծ վնասներ կրած է:
Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ կան կրակոցներու հետեւանքով յառաջացած անցքեր, կոտրուած են ապակիները:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ շրջելէ ետք՝ Աթէշեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր նշուած է. «Այսօր, այս թաղամասին մէջ գտնուող Աստուծոյ աղօթարանները` եկեղեցիները, մզկիթները աւերակներու վերածուած են: Նման բան ընողին մենք մարդ չենք կրնար անուանել: Ամէն բան աւերուած է: Այս ամէնը ընողը Աստուծոյ արարած մարդը չի կրնար ըլլալ»:
Ան յորդորած է պատկան մարմինները, ներառեալ մշակոյթի նախարարութիւնը, հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրինութիւնը եւ ոստիկանութիւնը անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու` սկսելու եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները:
Նշենք, որ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն է: 2012 Նոյեմբեր 4ին` 32 տարուան ընդմիջումէ ետք՝ այստեղ կատարուած էր վերանորոգման յաջորդած եկեղեցական առաջին արարողութիւնը: Նոյն օրը, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած էր նաեւ առաջին պսակադրութիւնը:
2015էն ի վեր, եկեղեցւոյ տարածքին վերսկսած են բախումներ թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ: