ԵՐԵՒԱՆ․- ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին իրատեսական գնահատած է 2040ին Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոն դարձնելու իր ներկայացուցած ռազմավարութիւնը:
«Ատիկա մեզ բնականոն զարգանալու թիւն է, որ ես կը համարեմ իրատեսական: Յստակ գործողութիւններու ծրագիր չկայ, թէ ամէն տարի մենք ինչ պէտք է ընենք, որովհետեւ, ելոյթէն յետոյ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ եւ այդ աշխատանքային խումբը ատով զբաղած է: Կը կարծեմ` մեր յառաջիկայ խնդիրն է այս հինգ տարիներուն ընթացքին արտագաղթը հասցնել, այսպէս կոչուած զերոյական մակարդակի, որպէսզի գացողներու-եկողներու տարբերութիւնը դրական ըլլայ Հայաստանի համար, կամ գոնէ զերոյական»:
Նախագահը նշած է, որ անհրաժեշտ է պայմաններ ստեղծել ներգաղթի համար:
«Մէկ կողմէ, ի հարկէ, շատ լուրջ ուշադրութիւն դարձնելով առողջապահական խնդիրներուն, շատ լուրջ ուշադրութիւն դարձնելով ընտանիքներուն, անոնց ամրապնդման, հասարակական վիճակին, երիտասարդներու զբաղած ըլլալուն եւ այլն, մենք պէտք է կարենանք այս ժամանակահատուածին հնարաւորութիւններ ստեղծել ներգաղթի համար: Ես ասիկա շատ իրատեսական կը համարեմ, որովհետեւ շատ-շատ մարդիկ, որոնք արտագաղթած են Հայաստանէն չեն գտած ա՛յն, ինչ կը փնտռէին: Եւ այդ մարդիկ կարելի է վերադարձնել», ընդգծած է նախագահը: