Յունիս 4ին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է Գանատայի նախկին խորհրդարանականներու միութեան ղեկավար, Գանատայի Նոր ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Տէյվիտ Ուորնըրը:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Գանատայի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ Սեւակ Պելեան:
Հանդիպման ընթացքին Արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է Արցախի արտաքին քաղաքական առաջնահերութիւնները, նշած այլ երկիրներու հետ Արցախի համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը` որպէս էական ներդրում տարածաշրջանի մէջ կայունութեան ապահովման համար:
Ան նաեւ անդրադարձած է Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացին, պատմած անկախութեան տարիներու ընթացքին հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու եւ անոնց յաղթահարման ուղիներու մասին: