Արտասանական Մրցոյթ


Արտա Տէր Յակոբեան Էլէյճեան


Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Համազգայինի “Գլաձոր” մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը միշտ աշխատած է թորոնթոհայ գաղութին հրամցնել զանազան գրական ելոյթներ և հաւաքներ։ Անոր աշխատանքի նպատակն է Հայ գրականութեան հանդէպ սէրը վառ պահել թորոնթոհայ երիտասարդին սրտին մէջ։ Այդ մէկը կ՛իրականանայ, երբ առիթը կը տրուի երիտասարդին, ինչու չէ նաեւ փոքրիկներուն՝ ծանօթանալու Հայ գրականութեան հարուստ աշխահին ու խորանալու անոր մէջ։

Մեկնելով այս գաղափարէն, գրական յանձնախումբը կազմակերպեց Արտասանական մրցոյթ մը Օնթարիոյի մէջ բնակող բոլոր հայ աշակերտներուն համար։ Ու ինչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն, մրցումը տեղի ունեցաւ Մայիս 14ին, Մայրերու Օրին։ Փոքրիկներուն շրթներէն արտասանուած Հայերէն քերթուածէն աւելի գեղեցիկ նուէր կա՞յ հայ մայրերուն համար։

 Մայիս  14ի յետմիջօրէյին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահը արդէն լեցուն էր մրցումին մասնակցող 30 պատանիներուն ծնողներով, հարազատներով ու քաջալերող ընկերներով։ Ձեռնարկին նուիրատուն էր Golden Bee Homes, սեփականատէր՝ Պր․Յակոբ Թորոսեան։

Օրուան հանդիսավարն էր Վարագ Պապեան։ Վարագ ներկաներուն ծանօթացուց դատական կազմի երեք անդամները, երեք ասմունքող, հայ մշակոյթի հանդէպ սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերող՝ Պր․ Մուշեղ Գարագաշեան, Պր․Ռուբէն Մնացականեան եւ  ընկ․ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան։ Վարագ խնդրեց սրահը ներկայ գտնուող մայրերէն բեմէն արտասանուած կտորները ընդունին որպէս ծաղկեփունջ իրենց տօնին առթիւ։

Մրցումը սկսաւ մասնակցողներու պարտադիր կտորներով։ 10 վայրկեան դադարէ մը վերջ շարունակուեցաւ իրենց ազատ կտորներով։ Անոնք մէկ-մէկ բէմ կը բարձրանային խառն հերթականութեամբ։

Մրցումը բաժնուած էր երեք բաժիններու։ 5րդ եւ 6րդ դասարանի աշակերտները մէկ խմբակ, 7րդ 8րդ 9րդ դասարանի աշակերտները ուրիշ խմբակ, իսկ 10րդ  11րդ 12րդ դասարանի աշակերտները երրորդ խմբակ։ Իւրքանչիւր խմբակ ունէր երկու պարտադիր կտորներ, որոնցմէ մէկը պէտք էր ընտրեր մասնակցողը ու աւելցնել անոր ազատ կտոր մը։

Պարտատիր կտորներն էին՝ 5-6րդ դասարանի աշակերտներուն.- Ո՞րն է պապօ, մեր հայրենիք- Յովհաննէս Շիրազ ,   կամ ՝  Հայ Լեզուն տունն է հայուն- Մուշեղ Իշխան

7-8-9րդ դասարանի աշակերտներուն.- Կեանքից թանկ բանը- Աւետիք Իսահակեան Կամ Ուխտ Արարատին-  Անդրանիկ Ծառուկեան։

 10-11-12րդ դասարանի աշակերտներուն.- Հայաստան- Պարոյր Սեւակ, կամ Օրհնութիւն- Դանիէլ Վարուժան

Կը ներկայացնենք իւրաքանչիւր մասնակցողին անունը ու դասարանը

Հինգերորդ դասարանէն՝ Իզապէլ Ակոբ, Լիլիթ Նաճարեան, Լոռի Փանոսեան, Գաթրին Գանտահարեան, Կասիա Խաչոյեան, Վանա Գազանճեան, Սարին Գաբրիէլեան, Օշին Մարգարեան։ Վեցերորդէն՝ Ալանա Վայս, Էլի Մահսէրէճեան, Մոնթէ Սաֆարեան, Լիզա Յովակիմեան, Գամիլլա Գանտահարեան, Արամ Թիքճեան, Նանսի Սապունճեան։ Եօթերորդէն՝ Սառա Պայրագտարեան, Գառնիկ Սահակեան, Էլիզապէթ Գանտահարեան, Վարագ Մեսրոպեան, Արաքս Սարգիսեան, Անի Ասթուրեան։ Ութերորդէն՝ Արմէն Արթին, Գարօլ Շահվերտեան, Ռոզիկ Ալեքսանտըր, Զարեհ Մարգարեան, Լոռի Պէրպէրեան, Լոռի Արամեան, Անի Պոյաճեան։ Տասերորդէն՝ Ալիք Պապօղլեան, Տասնմեկերորդէն՝ Մարինա Խաչոյեան։

Դատական կազմը խորհրդակցելու ու նիշերը գումարելու միջոցին երաժշտական տաղանդ ունեցող փոքրիկներ գեղեցկացուցին յայտագիրը դաշնամուրի ու ջութակի քաղցր եղանակներով։ Դաշնամուրի վրայ Սէրլի Բիւզէքեան, Գառնի Բիւրզէքեան, Գաբրիելա Բադիկեան, Անուշ Յարութիւնեան եւ Գայանէ Յարութիւնեան։ Իսկ ջութակի վրայ՝ Աննա Մարիա Մուպայետ։

Մինչեւ արդիւնքներուն վերջնականացումը ժողովուրդը խանդավառ մթնոլորտի մէջ պահելու համար յայտարարուեցաւ ազատ բեմ, ուր ասմունքեցին Արեն Մնացականեանն ու Լոռի Արամեանը։

Ապա հասաւ սպասուած պահը։ 5-6րդ դասարանի աշակերտներուն խմբակէն երրորդ հանդիսացան երկու մասնակցողներ՝ Մոնթէ Սաֆարեանը (Հայ լեզուն տունն է հայուն – Մ. Իշխան եւ Իմ սուրբ հայրենիք – Յ. Շիրազ եւ Վանա Գազանճեանը (Հայ լեզուն տունն է հայուն – Մ. Իշխան եւ Չար բաներ – Զահրատ) . երկրորդ հանդիսացաւ Իզապէլ Ակոբ(Հայ լեզուն տունն է հայուն – Մ. Իշխան եւ Ցան – Դ. Վարուժան. իսկ առաջին՝ Սարին Գաբրիէլեան (Հայ լեզուն տունն է հայուն – Մ. Իշխան եւ Առկայծ Ճրագ (Դ. Վարուժան)։

5-6րդ դասարաններու մրցանակակիրները

7-8-9րդ դասարանի աշակերտներու խմբակէն երրորդ հանդիսացաւ Լոռի Պէրպէրեան (Ուխտ Արարատին – Ա. Ծառուկեան եւ Խօսք իմ որդուն – Ս. Կապուտիկեան.  երկրորդ հանդիսացաւ Զարեհ Մարգարեանը (Ուխտ Արարատին – Ա. Ծառուկեան եւ Հազարին մէկ – Զ. Խրախունի), իսկ առաջին՝ Լոռի Արամեանը (Ուխտ Արարատին – Ա. Ծառուկեան եւ Մօր Ձեռքերը (Պ. Սեւակ)։

7-8-9րդ դասարաններու բաժանումի մրցանակակիրները

10-11-12րդ դասարանի աշակերտներու խմբակին երկրորդ հանդիսացաւ Մարինա Խաչոյեանը( Օրհնութիւն – Դ. Վարուժան եւ Հայ մամիկին աղօթքը – Մ. Իշխան), իսկ առաջին՝ Ալիք Պապօղլեա նը (Հայաստան – Պ. Սեւակ եւ Մենք – Գ. Էմին)։

10 եւ 11րդ կարգի մրցանակակիրները

Իւրաքանչիւրը ստացաւ համապատասխան մրցանակագիր, առաւել՝ Royal Ontario Museum-ի The Blue Whale ցուցահանդէսի յատուկ տոմս, Համազգայինի Հայ Աստղեր մանկապատանեկան երգչախումբի ելոյթի կամ Համազգայինի Պարարուեստի Ուսումնարանի եւ Էրեբունի պարախումբի տարեկան ելոյթի տոմսեր։

Աւարտին բոլոր մասնակցողները բեմ հրաւիրուեցան  խմբային նկար մը նկարուելու ու ստանալու գիրք մը, որպէս նուէր ու քաջալերանք յառաջիկայ արտասանական մրցոյթներուն կրկին մասնակցելու համար։

Իսկապէս բարձր գնահատանքի արժանի էին բոլոր մասնակցողները անխտիր։ 

Շնորհակալութիւն սիրելի փոքրիկներ, որ երկու ժամուան ընթացքին մեզի հրամցուցիք Հայ գրականութենէն  քաղուած զանազան քերթուածներու գեղեցիկ փունջ մը։ Այդ մէկը ձեր գրական բարձրորակ ճաշակը կը ցոլացնէր։ Կը շնորհաւորենք  նաեւ ձեր ծնողները։ Գիտակից ծնողքն է, որ ճիգ չի խնայեր իր զաւկին  մէջ ցանելու Հայ գրականութեան հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք այս փայլուն ապագայ խոստացող փոքրիկներուն։