Բակօ Սահակեան Վերընտրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ


Նկարը՝ Բակօ Սահակեան Ազգային Ժողովին Մէջ

«Արցախփրես».- Յուլիս 19-ին, Արցախի Ազգային ժողովը` յատուկ նիստի ընթացքին` 28 կողմ ձայնով Բակօ Սահակեանը ընտրեց Հանրապետութեան նախագաh:

Էդուարդ Աղաբեկեան ստացած է 4 ձայն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով վստահութեան համար Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը նշած է, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը նոր եռանդով ու նոր ծրագիրներով` յանուն Արցախի զարգացման եւ բարգաւաճման:

Նշենք որ նիստին 33 պատգամաւորներէն ներկայ էին 32-ը:

Աւելցնենք, որ Արցախի ազգային ժողովի երեք` «Հայրենիք», «Ժողովրդավարութիւն» եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնները առաջադրած էին գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: Գործող նախագահին իր աջակցութիւնը յայտնած էր նաեւ Խորհրդարանի միակ անկախ պատգամաւոր Արսէն Առստամեան: Անցումային նախագահի պաշտօնին ընտրուելու համար բաւարար էր 21 ձայն:

Նշենք, որ Արցախի Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածի համաձայն, Խորհրդարանի ընտրած Հանրապետութեան նախագահը պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ գործող ԱԺ-ի լիազօրութիւններու աւարտը` 2020 թուականը, որմէ ետք արդէն տեղի պիտի ունենան Արցախի նախագահի համապետական ընտրութիւններ: