Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մասնակցեցաւ Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Պատուին Տրուած Ընդունելութեան


ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով՝ ի պատիւ պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի, Հոկտեմբեր 12ի երեկոյեան վարչապետի նստավայրին մէջ կայացաւ պաշտօնական ընթրիք-ընդունելութիւն:

Գանատայի վարչապետի պետական պատուիրակութեան ընկերակցող գանատահայ համայնքի պատուիրակութեան հետ ներկայ էին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Րաֆֆի Տօնապետեան, Շահէն Միրաքեան եւ Յակոբ Թորոսեան։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բաժակաճառի ընթացքին ըսաւ. «Ես գնահատում եմ այս իրադարձութիւնը, մեր այս հանդիպումը՝ շատ խորհրդանշական Նոր Հայաստանում և համարում եմ, որ Գանատայի մեծարգոյվարչապետը՝ իմ բարեկամ Ճասթին Թրուտոն, խորհրդանշում է ճշմարտութեան յաղթանակը»:

Իր կարգին, Գանատայի վարչապետ Թրուտօ ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ ծանօթանալով ձեր երկրի բռնած ուղիին, ձեր երկրի ժողովուրդին և կ՚ողջունեմ ձեզ: Ներկայիս շատ մը երկիրներ նահանջ կ՚ապրին ժողովրդավարութեան գծով… դուք այսօր Հայաստանի մէջ հաստատակամ և հպարտօրէն ճիշդ ուղղութեամբ կ՚ընթանաք, դուք կ՚առաջնորդէք դէպի ժողովրդավարութիւն՝ հպարտօրէն»: