Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին՝ համաշխարհային անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան հակազդելու նիւթով գլխաւոր նիստի ընթացքին ունեցած իր ելոյթի ժամանակ յիշատակած է հայ ժողովուրդը, որ 1915էն ետք 100 տարուան ընթացքին հալածանքներու ենթարկուած է:
«Թէեւ Սիսի իր ելոյթին մէջ չյիշատակեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» ձեւակերպումը, սակայն ան ըրաւ այդ ուղղութեամբ առաջին քայլը` ցուցադրելով ներկայ իրադարձութիւններու լոյսի տակ այդ դէպքերու յիշատակման անհրաժեշտութիւնը», ըսուած է Հայ դատի տարածած յայտարարութեան մէջ :
Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՚ողջունէ նախագահ Սիսիի այս քայլը, զայն գնահատելով ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախաքայլ, այլեւ յետագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու եւ արգիլելու միտուած քայլ։