Երեւանը Հրաժեշտ Տուաւ «Հաց Բերող» Արթուր Սարգսեանին


Մարտ 22ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ 2016 թուականի Յուլիսին Ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդը գրաւած «Սասնայ ծռեր» խումբին սնունդ տարած եւ ատկէ ետք «Հաց բերող» անունով յայտնի դարձած Արթուր Սարգսեանի յուղարկաւորութիւնը:

Բազմաթիւ քաղաքացիներ, հասարակական գործիչներ, «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներու ընտանիքներու անդամներ եւ այլք ներկայ էին` հրաժեշտ տալու Արթուր Սարգսեանին:

Յուղարկաւորութիւնը Երեւանի Շահումեանի գերեզմանատան մէջ վերածուեցաւ սգոյ հանրահաւաքի, երբ հնչեցին նաեւ քաղաքական յայտարարութիւններ:

Ներկաներուն համար Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Սիւզան Սիմոնեան կարդաց «Հաց բերող»ին կենսագրութիւնը: «Արթուր Սարգսեան ծնած է 1968 թուականի Օգոստոս 9ին, փայտի գեղարուեստական փորագրող, արցախեան ազատամարտի մասնակից է: 1992ին աւարտած է Երեւանի ճարտարագիտական համալսարանի մեքենաշինութեան բաժինը: 2002ին գերազանցութեամբ աւարտած է Երեւանի ֆինանսադրամատնային համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը, 2007ին` նոյն համալսարանի Ֆինանսներ եւ վարկեր բաժինը:

Արթուր Սարգսեան մասնակցած է արցախեան ազատամարտին: Վիրաւորուած է դիրքեր հաց տանելու ժամանակ»:

Ան Յուղարկաւորուեցաւ իր ձեռքով պատրաստուած դագաղին մէջ` մարդոց ծափերուն տակ:

«Սարգսեան թաղուեցաւ յատուկ գերեզմանի մը մէջ, որ ե՛ւ դագաղը, ե՛ւ մարմինը շատ երկար ժամանակ կը պահպանուի, որովհետեւ կը ցանկան զայն տեղափոխել Եռաբլուր: Եթէ չյաջողի, ապա ասոր վրայ յուշարձան պիտի կառուցուի», յայտնած է դերասանուհի Թամար Յովհաննիսեան:

Յիշեցնենք, որ երկրորդ ձերբակալութեան 1ին օրուընէ Արթուր Սարգսեան անժամկէտ յայտարարեց հացադուլ, որուն հետեւանքով, ըստ անոր փաստաբաններուն, անոր առողջութիւնը անդառնալիօրէն քայքայուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ անոր մահուան:

«Հաց բերող»ին մահէն ետք Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենան բողոքի ցոյցեր` զայն «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ յուղարկաւորելու պահանջքով: