Երեւանի Մէջ Բացուած է Տիկնիկներու Առաջին Պատկերասրահը


«Երկիրմեդիա»․- Երեւանի մէջ այսուհետեւ պիտի գործէ Տիկնիկներու պատկերասրահ: Մարտ 21ին բացուած պատկերասրահին մէջ պիտի ցուցադրուին հայկական ծիսական, հնաոճ, խորհրդային տարիներու, թատերական, հեղինակային, յուշանուէրային տիկնիկներ, տիկնիկներ անուանի հայերու հաւաքածուներէն:

Ցուցադրութեան կարեւոր մաս կը կազմէ պատկերասրահի առաջին խոշոր նուիրատու Ալիս Նաւասարգեանի հաւաքածուն (շուրջ 200 տիկնիկ): Ընդհանուր առմամբ ներկայացուած է շուրջ 300 տիկնիկ:

Այստեղ պիտի իրականացուին կրթական, մշակութային, ժամանցային տարաբնոյթ ծրագիրներ: Պատկերասրահին գաղափարը իրականութիւն դարձուցած մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան համոզուած է, որ անիկա պիտի դառնայ քաղաքին գոյն ու տրամադրութիւն հաղորդող ամենասիրուած անկիւններէն մէկը:

Պատկերասրահին իր նուէրը ըրած է նաեւ մշակոյթի նախարարը, որ պատկերասրահին նուիրած է  իր մօր զոյգ տիկնիկները:

Շէնքը, որուն մէկ յարկաբաժինը Տիկնիկներու պատկերասրահն է, կառուցուած է 1914ին: Պատկանած է Տէր Աւէտիքեաններու ազնուական տոհմին: 1921ին, քանի մը ամիս, այստեղ ապրած է Յովհաննէս Թումանեանը: