Համազգայինի Յ. Մանուկեան Գործունեայ Գրադարան-Գրատարածը


Ար­շօ Զա­քա­րեան


-Մո­լո­րակ­նե­րու մա­սին գիրք ու­նի՞ք, կը հարց­նէ 4րդ ­կար­գէն վառվ­ռուն աչ­քե­րով ա­շա­կերտ մը:          

-Ե­գիպ­տո­սէն, Ա­լեք­սանդր Սա­րու­խա­նը կը ճանչ­նա՞ք, հարց կու­ տայ ա­շա­կեր­տու­հի մը` զար­մաց­նե­լով գրա­դա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տուն:

-Շէքս­փի­րի Հա­յե­րէն գիր­քե­րը ո՞ւր դ­րած էք, կը հարց­նէ 5րդ ­կար­գէն ու­րիշ մը։

-Սուրբ Գիրք եւ ա­ղօթ­քի գիր­քեր ու­նի՞ք, հարց կու­տայ լա­ւա­տե­ղեակ ա­շա­կեր­տու­հի մը։ 

Այս հե­տաքրք­րա­կան հար­ցում­նե­րը կ­’ուղ­ղո­ւին ՀՕ­Մի ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ Հա­մազ­գա­յի­նի Յ․ Մա­նու­կեան գրա­դա­րան-գրա­տա­րա­ծի յանձ­նա­խում­բի մէկ ան­դա­մին։ Նո­յեմ­բեր 30ին, 4րդ­ եւ 5րդ ­կար­գե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, ի­րենց Հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հիին՝ Զա­նի Մես­րո­պեան Շա­հի­նեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ կ­’այ­ցե­լեն գրա­դա­րա­նը։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ձե­ռա­յին աշ­խա­տան­քով շնոր­հա­կա­լա­կան բա­ցիկ­ներ պատ­րաս­տած են գրա­դա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւին։ Ան ալ, իր հեր­թին, կը բա­ցատ­րէ գրա­դա­րա­նի բա­ժին­նե­րը ինչ­պէս վէ­պե­րու, քեր­թո­ւած­նե­րու, ա­րո­ւես­տի, ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հնա­տիպ գիր­քե­րու մա­սե­րը։ Նաեւ կը տե­ղե­կաց­նէ, որ Fairview  եւ Bridlewood հան­րա­յին գրա­դա­րան­նե­րը յա­տուկ բա­ժին ու­նին հա­յե­րէն մա­նա­կա­պա­տա­նե­կան գիր­քե­րու։ Ան կը շեշ­տէ հա­յե­րէն գիր­քե­րու կա­րե­ւոր դե­րը եւ ար­ժէ­քը՝ մեր մշա­կոյ­թը պահ­պա­նե­լու մէջ։

Դեկ­տեմ­բեր 8ին դար­ձեալ կ­’այ­ցե­լեն 4րդ եւ 5րդ ­կար­գե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ 6րդ եւ 7րդ ­կար­գե­րը ի­րենց ու­սուց­չու­հի­նե­րով։ Այս ան­գամ ար­դէն ո­րո­շած են ի­րենց ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ Վա­րա­գի, Պա­րոն Նի­կո­ղո­սի եւ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի գիր­քե­րու շար­քե­րը ա­մէնէն փնտռո­ւած­նե­րը են։

Դեկ­տեմ­բեր 8-10ը Հայ Գիր­քի տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան շա­բա­թա­վերջն է։ Կան նո­րու­թիւն­ներ ինչ­պէս՝ Մով­սէս Պչաք­ճեա­նի 8 հա­տոր­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն, The memoirs of of Roustam, որ Նա­փո­լիո­նի հա­յա­ծին պա­հակ եւ խորհր­դա­տո­ւի յու­շա­գիրն է։ Նաեւ կան տա­ղան­դա­ւոր ջու­թա­կա­հար Նու­նէ Մե­լի­քի նոր խտա­սա­լի­կը Hidden Treasure խո­րա­գի­րով, երկ­լե­զու Քա­րէն Չիւթ­ճեա­նի «Ա­ռա­ջին Եր­գա­րանս» մե­ծա­դիր գիր­քը՝ իր խտա­սա­լի­կով։ Ըն­թեր­ցող­նե­րու խնդրան­քով Ֆրանց Վէր­ֆէ­լի «Forty Days of Musa Dagh»ը թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րեալ, ա­ռանց կրճա­տում­նե­րու։ Այն­տեղ է նաեւ Սո­մեր­սէթ Մոե­մի «Վե­րե­վում՝ Ա­ռանձ­նա­տա­նը» գիր­քին հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը՝ Ա­նա­հիտ Պա­պա­յեա­նի կողմէ։

Աչ­քա­ռու է յու­շա­նո­ւէր­նե­րու եւ բա­ցիկ­նե­րու բա­ժի­նը։ Զեղ­չեալ գի­նե­րով գիր­քե­րը կը հե­տաքրք­րէ ան­յայտ գան­ձեր փնտռող­նե­րը£ Ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը կը սի­րեն Հա­յաս­տան պատ­րաս­տո­ւած զար­դե­ղէն­նե­րը։ Ու­սու­ցիչ­նե­րը ի­րենց դա­սա­րան­նե­րուն հա­մար կ­’ընտ­րեն գիր­քեր, որմ­նա­զար­դեր եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան խա­ղեր։

Յա­ջորդ Հինգ­շաբ­թի եւ Ուր­բաթ օ­րե­րը, Դեկ­տեմ­բեր 14 եւ 15,  գրա­տա­րա­ծը ՀՕ­Մի Պա­պա­յեան եւ Գո­լո­լեան նա­խակր­թա­րա­նի Ա­ռա­ջին, Երկ­րորդ եւ Եր­րորդ կար­գե­րուն յար­մար գիր­քեր, տե­սա­հո­լո­վակ­ներ եւ հա­նե­լուկ­ներ կը ցու­ցադ­րէ եւ կը վա­ճա­ռէ դպրո­ցի ար­ձակ­ման պա­հուն։ Սրտապն­դիչ է, երբ փոք­րիկ ա­շա­կերտ մը մա­տի­կով ցոյց կու ­տայ ծնող­քին Ա­նա­հիտ Սար­գի­սեա­նի զո­ւա­րա­ճա­լի գիր­քե­րէն մէ­կը։ Հայր մը կը փնտռէ «ամպ»ով գիր­քը։ Մայր մը իր զա­ւա­կին ա­նու­նով խո­րա­գիր մը կը տես­նէ, ան­մի­ջա­պէս գաղտ­նա­բար կ­’ապսպ­րէ, որ­պէս­զի Կա­ղանդ Պա­պու­կին տոպ­րա­կին մէջ դրո­ւի։ Մեծ հայ­րիկ մը իր թոռ­նիկ­նե­րուն ա­զա­տու­թիւ­ն կու­տայ ընտ­րե­լու ի­րենց բո­լոր փա­փա­քած­նե­րը։

Հա­մազ­գա­յի­նի Յ․ Մա­նու­կեան գրա­դա­րա­նը բազ­մա­տե­սակ որմ­նա­զար­դեր եւ դա­սա­րա­նա­յին գիր­քեր կը նո­ւի­րէ նաեւ դպրո­ցի զա­նա­զան կար­գե­րուն։ Դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սում­նա­կան մար­մի­նը եւ Հա­մազ­գա­յի­նը կ­’աշ­խա­տին, որ­պէս­զի Հա­յե­րէ­նը միայն դա­սա­պա­հի լե­զու չըլ­լայ այ­լեւ ապ­րող, հա­ճե­լի, օգ­տա­շատ եւ գա­ղա­փար­ներ ու զգա­ցում­ներ ար­տա­յայ­տող մայ­րե­նի լե­զու մը։

25 Դեկ­տեմ­բեր 2017