Համազգայինի h-pem-ը Լուսարձակի Տակ՝ Թորոնթոյի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի Անդամական «Դէմ Դիմաց» Ժողովին


h-pem-ի խմբագիր եւ բովանդակութեան պատասխանատու Ռուբէն Ճանպազեան ելոյթի ընտացքին

ԹՈՐՈՆԹՕ—Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան առցանց բեմի խմբագիր եւ բովանդակութեան պատասխանատու Ռուբէն Ճանպազեան Չորեքշաբթի, 5 Փետրուար 2020-ին, տեսողական միջոցներով մանրամասնօրէն ներկայացուց Համազգայինի h-pem հարթակը, որ նոր շունչով լուսարձակի տակ կ՚առնէ հայ մշակոյթն ու արուեստը եւ առիթ կ՛ընծայէ մշակութային փոխյարաբերութիւններ մշակելու աշխարհի շուրջ սփռուած հայերու միջեւ, մասնաւորաբար՝ հայ երիտասարդութեան:

Շուրջ 50 համազգայնականներ, որոնց մեծ մասը գործօն մասնակցութեամբ արդէն ծանօթ էր բեմին առաքելութեան, առիթը ունեցան աւելի մօտէն ճանչնալու h-pem-ի ծրագիրը: Ճանպազեան պատկերաւոր սալիկներու միջոցով մանրամասնօրէն ներկայացուց h-pem-ի մտայղացումը, մշակումը եւ աշխատանքները եւ ցուցադրեց կայքին այլազան ենթաբաժինները: Ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ աշխոյժ քննարկում, որուն ընթացքին համազգայնականները առիթը ունեցան արտայայտելու իրենց կարծիքները եւ ուղղելու դիպուկ հարցեր։

Մանրամասն ծրագրումէ եւ գործնական աշխատանքներէ ետք h-pem‑ը հանրութեան հասանելի դարձաւ Մայիս 2019-ին։ Համազգայինի առցանց բեմին թիրախն է հասնիլ սփիւռքահայ համայնքներուն, կապ եւ լեզու ստեղծել՝ յարաբերելու համար հայերէնէն, հայկականէն եւ հայութենէն հեռացող բազմութիւններուն հետ, մասնաւորաբար՝ նոր սերունդներուն հետ, զանոնք նոր, ստեղծագործական եւ մասնակցողական միջոցներով հայ մշակոյթին, հայրենիքին եւ հայութեան երթին մօտեցնելու հեռանկարով։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թորոնթոյի մասնաճիւղը հիմնուած է 1969-ին: Հետագային «Գլաձոր» անունով պսակուած մասնաճիւղը իր հիմնադրութենէն ի վեր շուրջ 200 կամաւորներով եւ անդամներով աշխոյժ ներկայութիւն է Թորոնթոյի հայ գաղութին մէջ։