Հայաստանի Հանրապետութեան Փոխվարչապետ Տիգրան Ավինեանի Այցելութիւնը Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաք․ Եկեղեցի


Յունիս 28ի միջօրէին, ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Ավինեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուին Թորոնթոյի Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաք․ Եկեղեցի։

Փոխվարչապետի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՀ փոխվարչապետի գրասենեակի ղեկավար Սերժ Վարագ  Սիսեռյան, ՀՀ Սփիւռքի փոխնախարար Բաբկեն Տէր Գրիգորեան, Պատուիրակութեան ղեկավարի տեղակալ Արա Մկրտչեան, Թրանսփորթի եւ Տեղեկատուական Տեխնոլոկիաներու նախարարի առաջին տեղակալ Հակոբ Արշակեան, Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու նախարարի տեղակալ Մանէ Ադամեան, ՀՀ Փոխվարչապետի օգնական Վիքթորիա Այինեան, Հայաստանի մէջ Միջազգային Առեւտուրի թիմի ղեկավար Նարեկ Ալեքսանեան, Business Armenia Միջազգային Համագործակցութեան բաժնի ղեկավար Ալինա Եղիազարեանը եւ Business Armenia ընկերութեան ներկայացուցիչներ։

Յարգարժան հիւրերը դիմաւորուեցան Ս․Երրորդութիւն Հայց Առաք․ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ․ Տ․ Զարեհ Աւագ Քհնյ Զարգարեանի, Ս․ Աստուածածին Հայց Առաք․ Եկեղեցւոյ  եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ․ Գեղարդ Ծյր․ Վրդ․ Քիւսպէկեանի, Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հ․ Եղիա Վրդ․ Քիրէճեանի․ Թորոնթոյի Միջյարանուանական  մարմնի ատենապետ Յակոբ Ճանպազեանի, Գանտահայ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Օհան Օհաննէսեանի, Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի Ռոզին Իմաստունեանի եւ խորհուրդի ներկայացուցիչներու կողմէ։

Հիւրերը Հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան եկեղեցի եւ  մասնակցեցան մոմավառութեան՝ աղօթելով համայն Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի բարօրութեան համար։

Հիւրերը, այնուհետեւ, հիւրասիրութեան սեղանի շուրջ հանդիպում ունեցան Թորոնթոյի Հայ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ։

Փոխվարչապետ Ավինեան հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց ՀՀ վերջին շրջանի քաղաքական իրադարձութիւներուն եւ տնտեսական կեանքի զարգացման մասին։ Յաջորդաբար Համայնքի Հոգեւոր Հայրերը անդրադարձ կատարեցին թորոնթոհայ համայնքի զաւակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ ու համերաշխ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ համայնքի հոգեւոր, ազգային, մշակութային, կրթական կեանքի աշխոյժ գործունէութեան մասին։

Հոգեւոր հայրերը եւ ներկաները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին շարունակելու իրենց անմնացորդ աջակցութիւնը հայրենիքի զօրացման եւ վերաշինութեան սրբազան առաքելութեան։