Հայ Դատը Հայաստանին Եւ Արցախին Աջակցութիւն Ապահովելու Ջանքերուն Կը Զօրակցի


Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2018ի Միացեալ Նահանգներու պետական ամավարկը պատրաստող քոնկրեսականներուն կատարուած իրենց դիմումին մէջ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի անդամները շեշտած են, որ արտաքին օժանդակութիւնները սահմանելու քաղաքականութեան մէջ կարեւոր տեղ պէտք է յատկացուի «Հայաստանի անկախութիւնը ամրապնդելու, Արցախի մէջ խաղաղութիւն ջատագովելու եւ Միջին Արեւելքէն գաղթականներու համար ապահով ապաստանարան մը դառնալու գծով Հայաստանի ջանքերուն նեցուկ կանգնելու» նախապատուութեան։

Աւելի քան երկու տասնեակ քոնկրեսականներ ստորագրած են այս դիմումը, ուր շեշտուած են յատկապէս հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.

– 40 միլիոն տոլարի աջակցութիւն՝ յատկապէս Սուրիայէն ու Իրաքէն գաղթականներ ընդունելու Հայաստանի ջանքերուն:

– Առնուազն 8 միլիոն տոլար աջակցութիւն՝ Արցախին, նեցուկ կանգնելու համար ականազերծման, վերականգնողական ջանքերուն եւ ջուրի ապահովման ծրագիրներուն։

– Ատրպէյճանի բռնարարքներուն դէմ դնելու համար աւելի ազդու քայլերու որդեգրում եւ 20 միլիոն տոլարի յատկացում, որպէսզի կարելի ըլլայ գործադրել սահմանի ապահովութեան երաշխաւորման ուղղուած քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկըլի առաջարկները։ Նաեւ՝ կասեցում Ատրպէյճանի համար նկատի առնուած ռազմական բոլոր աջակցութեանց։

– Հայաստանի համար առնուազն 40 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւն եւ 11 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն, որ պիտի նպաստէ աշխարհի տարածքին Հայաստանի զինուորներուն իրագործելիք խաղաղապահ առաքելութիւններուն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներուն սոյն դիմումը։

Նամակը ստորագողներուն կարգին են Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Էտըմ Շիֆ, Սալուտ Քարպահալ, Մայքըլ Քափուանօ, Թոնի Քարտենաս, Ճուտի Չու, Տէյվիտ Սիսիլին, Մայք Քոֆմըն, Ճիմ Քոսթա, Ճօ Քրաուլի, Աննա Էշու, Ճաշ Կոթիմայըր, Ճիմ Լենկուին, Տեն Լիփինսքի, Զօուի Լոֆկրեն, Սթեֆըն Լինչ, Քերոլայն Մըլոնի, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Կրէյս Նափոլիթանօ, Քոլին Փեթըրսըն, Ճերըտ Փոլիս, Լինտա Սանչեզ եւ Պրետ Շըրմըն:

Յիշեցնենք, որ Փալոն եւ Շիֆ Մարտ 16ին կոչ ըրած էին Քոնկրեսի յատկացումներու յանձնախումբերու ազդու անդամներուն, որ պետական յաջորդ ամավարկին մէջ յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրեն Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն, միաժամանակ շեշտելով, որ յաւելեալ քայլեր պէտք է որդեգրուին՝ զսպելու համար Ատրպէյճանի հակահայ արարքները: