Չեխիոյ Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանը Ապրիլ 25ին՝ ձայներու 104 կողմ, 0 դէմ, 0 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ (96ը չէ քուէարկած) ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ առաջադրուած էր երեսփոխան Ռոպին Պէօնիշի կողմէ։

Բանաձեւին մէջ, մասնաւորաբար կը նշուի․ «Չեխիոյ խորհդարանի Պատգամաւորներու պալատը կը դատապարտէ  երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ նացիստներու կողմէ գրաւուած տարածքներուն մէջ մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւնները հրեաներու, գնչուներու եւ սլաւոններու նկատմամբ, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ` Հայերու Ցեղասպանութիւնը  եւ ազգային ու կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, ինչպէս նաեւ երկրագունդի այլ տարածքներու մէջ կատարուած ցեղասպանական բռնութիւնները եւ կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան՝ արդիւնաւէտօրէն կանխելու մարդու եւ քաղաքացիական իրաւունքներու ոտնահարումները աշխարհի մէջ եւ վէճերու լուծումը խաղաղ միջոցներով»:

Ռոպին Պէօնիշի յայտնած է, որ Չեխիոյ պարտքն էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Քանի որ երէկ Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցն էր, այս բանաձեւը վաւերացնելը նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի։

Չեխիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Ապրիլ 14ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր վերոյիշեալ բանաձեւը, որուն մէջ նաեւ կը դատապարտուի Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերը։

Նշենք, որ Չեխիոյ նախագահ Միլոս Զեման եւս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլ 24ին, հայ համայնքին ուղղուած ցաւակցական ու զօրակցական նամակ մը յղեց՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը համայն աշխարհի պատմութեան մէջ ողբերգական էջ մը նկատելով։