Պորիս Ճոնսընի Մեծ Պապը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Անուանած են Հայասէր Եւ Կուրծքին Դաջած՝ Արթին Քեմալ


Լոնտոնի նախկին քաղաքապետ, Մեծ Բրիտանիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն, որ ընտրուեցաւ իշխող Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար, եւ պիտի դառնայ երկրի վարչապետ, օսմանեան կայսրութեան ժամանակ յայտնի գրող, լրագրող եւ քաղաքական գործիչ Ալի Քեմալի ծոռն է։

Ըստ թրքագէտ Վարուժան Գեղամեանի՝ Ալի Քեմալը եղած է Օսմանեան ներքին գործոց նախարար: Ան նաեւ յայտնի էր Արթին Քեմալ անունով` իր հայամէտ դիրքորոշման համար: Քեմալը սպաննուած է 1922ին` ժողովրդական ամբոխի կողմէ Լինչի դատաստանէն ետք: 

Իսկ թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան կը յայտնէ, որ Ալի Քեմալը կը ներկայացուէր իբրեւ հայամէտ գործիչ։ Անոր համար հայկական թեման երիտթուրքերը քննադատելու առիթներէն մէկն էր, եւ  զայն կը համարէին դաւաճան, հայասէր:

«Այդ պատճառով Ալի Քեմալը կ՛անուանէին Արթին, որ հայկական Յարութիւն անուան թրքական տարբերակն է: Երբ Ալի Քեմալը կ՛ենթարկեն Լինչի դատաստանին եւ դին կը բարձրացնեն կախաղան, ականատեսներու յուշերուն մէջ կայ հետեւեալ  նկարագրութիւնը. անոնք կը տեսնեն, որ նախկին նախարարին կուրծքին գրուած է Արթին Քեմալ, այսինքն` արդէն իսկ սպաննուած Քեմալի կուրծքին, որպէս հայերու նկատմամբ ատելութեան նշան, կը դաջեն «Արթին», կը պատմէ ան:

Մելքոնեանի խօսքով` Պորիս Ճոնոսըն Ալի Քեմալի աղջկայ թոռն է: 1918-22 թուականներուն Ալի Քեմալը մօտ եղած է բրիտանական իշխանութիւններուն, իսկ  անոր աղջիկը ամուսնացած է բրիտանացիի հետ: