Արշօ Զաքարեան
Յունուար 21ին մեզմէ ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ Պարոն Սարգիս Համպոյեանը։
Համպոյանի ծառայութիւնները թորոնթոհայ գաղութին անհամար են. ան առաջնորդած, կազմակերպած եւ ղեկավարած է թորոնթոհայ եկեղեցիներու դպրաց դասերը եւ ցանկագրած է հայկական գրադարանները, ծրագրած է Շաբաթօրեայ վարժարանները, զանազան միութիւններու եւ ընկերակցութիւններու ձեռնարկները։ Եւ այս բոլորը կատարած է կամաւոր կերպով՝ մեծ խանդավառութեամբ եւ նուիրումով։
Իր մեծ սէրն էր հայ մշակոյթը՝ իր զանազան բնագաւառներով։ Սիրեց երաժշտութիւնը ըլլայ այդ եկեղեցական, թէ դասական։ Դպրապետ էր զանազան հայկական եկեղեցիներու մէջ։ ՙՆայիրի՚ երգչախումբը կազմեց եւ ղեկավարեց տարիներ՝ հայկական երգն ու երաժշտութիւնը հրամցնելով օտար թէ հայ հասարակութեան։ Սիրեց հայ գիրքը եւ գրականութիւնը։ Դասաւանդեց Հայերէն, կազմեց ՙԾաղկաքաղ՚ խորագիրով երկու հատորներ, ուր հաւաքեց ընտրանի քերթուածներ եւ գրութիւններ։ Կազմեց գրական խմբակ մը ՙՄաշտոց՚ անունով, ամսական դրութեամբ կը հաւաքուէին խումբ մը գրասէրներ ուսումնասիրելու հայ հեղինակներու գործերը։ Թորոնթոհայ հեղինակներուն թիկունքն էր, կը սրբագրէր, կը քաջալերէր, նոր գիրերու նախաբանը կը պատրաստէր եւ գիրքը հրատարակուելէն ետք, կամ զայն կը ներկայացնէր եւ կամ շնորհահանդէսի հանդիսավարութիւնը կը ստանձնէր։ Հայ Աւետարանական եկեղեցիի եւ Համազգայինի ՙՅարութիւն Մանուկեան՚ գրադարաններու գիրքերու ցանկագրումը կատարեց տարիներ՝ մեծ բծախնդրութեամբ։
Միջին Արեւելք ապրած շրջանին դասաւանդած է զանազան Հայկական դպրոցներու մէջ, ի միջի այլոց՝ Մելքոնեան Կրթական հաստատութեան եւ ուսուցիչի կոչումը շարունակած է Գանատա։ Վերջին 10 տարիներուն Հոլթըն Փիլի Շաբաթօրեայի հոգատարն էր։
Փառաւոր յուղարկաւորութեան, որ տեղի ունեցաւ Յունուար 27ին, Միսիսոկայի Սուրբ Վարդան Եկեղեցիին մէջ, հարազատներու, ընկերներու եւ ծանօթներուն կողքին, ներկայ էին Հայկական եկեղեցիներու հոգեւորականները, դպրաց դասերու անդամները, Հայկական զանազան միութիւններու, ընկերակցութիւններու եւ գրադարաններու ներկայացուցիչները, ՙՆայիրի՚ երգչախումբի անդամները, ՙՄաշտոց՚ գրական խմբակի գրասէրները, հեղինակներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։
Սարգիս Հանպոյեան եղաւ հոգատար եւ գուրգուրացող ամուսին Լիւսիին, հայր՝ Հրակին եւ Հուրիին, մեծ հայր՝ իր ութը թոռներուն։ ԱՆոնք միակ հայ ընտանիքն էին, որ 25 տարիներ բնակեցան Անթիկոնիշ, Նովա Սքոշա նահանգը։ Տան լեզուն հայերէն էր։ Ընտանեօք ներկայացուցին հայը՝ լաւագոյն ձեւով։
Ան վերապրողի զաւակ էր, ծնած էր Հալէպ։ Կանուխէն ծնողքը եւ ուսուցիչները նկատած են իր ընդունակութիւնը հանդէպ երաժշտութեան եւ գրականութեան։ Ուսանած էր Անթիլիասի դպրեվանքը, Aleppo College, ապա՝ AUB մասնագիտանալով պատմութեան մէջ։ 1967ին հաստատուած էր Թորոնթօ եւ հետեւած էր գրադարաններու գիտութեան Թորոնթոյի համալսարանին մէջ։ St․ Francis Xavier համալսարանի գրադարանին պատասխանատուն եղած էր։ Ուսումնասիրութիւններու աղբիւրներ փնտռող աշակերտներուն համար այս գրադարանապետի կարողութիւնը եւ օգնութիւնը օրինակելի եւ կատարեալ էր։ Իսկ Անթիկոնիշի երկրորդական վարժարանի գրադարանի չորս պատերը յանձնած էին իրեն, որ կազմէ գրադարանի գիրքերու ցանկը։ Իր հանգստեան տարիներուն փոխադրուեցաւ Օքվիլ, բայց ան երբեք հանգիստ չըրաւ։ Առանց դադարի, գանգատի եւ կամ դժկամութեան այլեւ միայն պատրաստակամութեամբ, ոգեւորութեամբ եւ ուրախութեամբ ծառայեց իր շատ սիրած մշակոյթին։
Հայ գաղութի զանազան կազմակերպութիւնները գնահատած են Պարոն Սարգիս Համպոյեանի եզակի եւ կամաւոր աշխատանքը։ Հոտկեմբեր 1, 2Օ17ին, Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Միւրոն Սարգիսեանի եւ ծխական խորհուրդի կազմակերպութեամբ պարգեւատրուեցաւ Էջմիածնոյ Թեմի Առաջնորդարանի բարձր շքանշանով։ Իսկ Հոկտեմբեր 11ին, Համազգայինի գրադարանի վերաբացումին, Համազգայինը հայ մշակոյթի այս ծառային յայտնեց իր խոր երախտագիտական զգացումները՝ անոր նուիրելով իր շատ սիրած Կոմիտասի գիրք ալպոմը։
Բարձր բարոյականով այս հայ մշակին տեղը թափուր պիտի մնայ, ափսո՛ս։ Ինչպէս իր տղան՝ Հրակը, ըսաւ. ՙԱստուած հոգին լուսաւորէ՝ ինչպէս որ ինք մեր հոգիները լուսաւորեց իր իսկ օրինակով՚: