Փորթանթինօ Եւ Ուիլք Թուրքիայէն Ներդրումները Քաշող Բանաձեւը Վաւերացնելու Կոչ Կ՛ընեն Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին


«Ասպարէզ»․- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք Յունիս 27ին նամակ մը յղած են Ծերակոյտի իրենց պաշտօնակիցներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ ապահովեն նահանգային խորհրդարանին կողմէ արդէն իսկ վաւերացուած  թիւ 1597 բանաձեւին վաւերացումը՝ նահանգային Ծերակոյտին կողմէ:

Փորթանթինօ եւ Ուիլք գրած են, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ, նոյն ժամանակ շարունակելով ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուրացման ջանքերուն առնուազն մէկ մասը հովանաւորելով նշեալ ներդրումներուն շահերով։

Անոնք շեշտած են, թէ նման ներդրումներ խոտոր կը համեմատին Քալիֆորնիոյ արժէքներուն, յատկապէս երբ նկատի առնուի այն իրողութիւնը, որ նահանգը առաջատար տեղ կը գրաւէ Հայեց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն մէջ։

Նահանգային խորհրդարանին կողմէ Յունիս 1ին վաւերացուած բանաձեւը, որուն հեղինակը խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանն էր, կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները դուրս բերել Թուրքիայէն՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ CalSTRS) որեւէ՛ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող, անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ առնչուող տնտեսական ձեռնարկութեանց մէջ: Ներկայիս, այդ ներդրումներու գումարը մօտաւորապէս 500 միլիոն տոլար է:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ 10 քոնկրեսականներ եւս նման կոչով նամակ մը յղած էին նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն Տէ Լէոնին։

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի նախաձեռնութեամբ սկսած այս արշաւը կը ջատագովուի նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։