Ազրպէյճանի Կրակէն Վնասուած Է «ՕՍԱ» Հրթիռային Համակարգ Մը


“Ազատութիւն”․- Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Մայիս 15ին, երեք հրթիռային հարուած հասցուցած են Արցախի ուղղութեամբ, վնասելով երկու ռազմական սարքերու, որոնցմէ մէկը «ՕՍԱ» տեսակի զենիթահրթիռային համակարգ է, միւսը՝ ոչ մարտական: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան, տեղեկացնելով այս սադրանքին մասին՝ յայտնած է, որ հարուածներէն միայն մէկը հասած է նշանակէտին:

«Հրթիռով փորձած են խոցել զինուորական սարքեր։ Մասամբ վնասուած է զենիթահրթիռային «ՕՍԱ» համակարգ մը: Այրուած է ուրիշ մեքենայ մը, որ ոչ մէկ կապ ունի հետ հակաօդային համակարգի հետ,  մարդկային կորուստներ չկան»

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Մայիս 15 յայտարարած էր, որ ոչնչացուցած է մէկ «ՕՍԱ» համալիր, մէկ լիցքաւորող մեքենայ եւ անոնց սպասարկող անձնակազմը:

Հրթիռային հարուածներու հետեւանքով հայկական կողմը վիրաւորներ չունի, վստահեցուցած է Յովհաննիսեան: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Երեքշաբթի օր տեղեկացուցած է, որ Ազրպէյճանական կողմը կիրառած է «Սպայկ» տեսակի իսրայէլական հեռակառավարուող հրթիռներ:

Վերջին անգամ ազրպէյճանական կողմը «Սպայկ» հրթիռներ կիրառած էր անցեալ տարի՝ ապրիլեան պատերազմի օրերուն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս դատապարտեց ազրպէյճանական կողմի հրթիռային հարուածները՝ զանոնք «սադրիչ գործողութիւններ» որակելով: Ղարաբաղեան կողմը, իր կարգին, յայտարարած է, որ «սադրանքը անպատասխան պիտի չմնայ»:

«Սա կարելի է որակել որպէս ահաբեկչութիւն, որ ուղղուած է ոչ միայն Արցախի, Հայաստանի դէմ, այլ՝ միջազգային հանրութեան առհասարակ, եւ նոյն ԵԱՀԿ գրասենեակի փակումը Ազրպէյճանի ջանքերով ողջ հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ ատոր վառ վկայութիւնն է», յայտնած է Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան: