Արցախի Մէջ Զոհուած է Մէկ Զինուոր. Եւս Մէկը Ծանր Վիրաւոր է


«ԱՐՑԱԽ»․-Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ Փետրուար 8-­ին` մօտ ժամը 11:00­-ին, հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտման հետեւանքով, մահացու վէրք ստացած է ՊԲ պայմանագրային զինծառայող, 1979ի ծնունդ Գեղամ Հենրիկի Մանուկեանը:

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Նոյն օրը հակամարտ զօրքերու շփման գիծի մէկ այլ (Մարտակերտ) ուղղութեամբ մօտ ժամը 12:00­ին, կրկին հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտման հետեւանքով, ծանր վիրաւորուած է ՊԲ ժամկետային զինծառայող, 1988ի ծնունդ Կորիւն Կամոյի Կիրակոսեանը:

Կը կատարուի քննութիւն: ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: