Ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նի մոռ­ցո­ւած հա­յե­րը


Աս­պետ ­Քո­չի­կեան Հ.Բ.Ը.Մ.ի պար­բե­րա­թեր­թին մէջ կը գրէ,

­Մա­յի­սի սկիզ­բը, Ուր­բաթ կէ­սօ­րէ ետք մը, ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Էր­պի­լի մէջ ներ­կայ գտնո­ւեցայ ա­սո­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ­Հայր Ար­թուն ­Խա­լա­թեա­նի մա­տու­ցած Ս. ­Պա­տա­րա­գին, ո­րուն մաս­նա­կից շուրջ 24 հա­յե­րը ե­կած են նա­խա­պէս մե­ծա­թիւ հայ հա­մայնք ու­նե­ցող ­Մու­սու­լէն։ Ն­շեալ հա­յե­րուն ու ա­նոնց հո­գե­ւոր հո­վի­ւին մօ­տա­կայ ­Զա­խօ քա­ղա­քէն Էր­պիլ փո­խադ­րուե­լուն պատ­մու­թիւ­նը իր մէջ կ­՚ամ­փո­փէ պատ­մու­թիւ­նը Ի­րա­քի մե­ծա­թիւ ու մոռ­ցո­ւած ամ­բողջ հայ հա­մայն­քին, ո­րուն հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թիւնն ու յա­րա­տե­ւու­մը վտան­գո­ւած են։

Թէեւ հա­ւաս­տի վի­ճա­կագ­րու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն չու­նին, այ­սու­հան­դերձ՝ կ­՚են­թադ­րո­ւի, որ մին­չեւ 2003 Ի­րա­քի մէջ գո­յու­թիւն ու­նէին 25.000 հա­յեր, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը բնա­կէր ­Պաղ­տա­տի, հա­րա­ւի մէջ ­Պաս­րա­յի, հիւ­սի­սի մէջ ­Քեր­քու­քի եւ ­Մու­սու­լի մէջ։ Այդ տա­րի տե­ղի ու­նե­ցած ա­մե­րի­կեան ներ­խու­ժու­մէն ետք ա­նոնց­մէ շա­տեր մեկ­նե­ցան Եւ­րո­պա, ու­րիշ­ներ՝ ­Հա­յաս­տան, իսկ ա­ւե­լի փոքր թիւ մը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ յա­րա­բե­րա­բար ա­պա­հով ե­ղող ­Քիւր­տիս­տան։ ­Յա­ջոր­դող տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը թի­րախ դար­ձու­ցին քրիս­տո­նեա­ներն ու այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը՝ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­ներ մղե­լով ի­րենց տու­նե­րէն փա­խուստ տա­լու եւ, այդ ըն­թաց­քին, փո­խե­լով շրջա­նի ժո­ղովր­դագ­րա­կան պատ­կե­րը։

Կարգ մը նա­խա­տե­սու­թեանց հա­մա­ձայն՝ միայն ան­ցեալ տա­րի ա­ւե­լի քան եր­կու մի­լիոն գաղ­թա­կան­ներ եւ ներ­քին տե­ղա­հա­նո­ւած­ներ փա­խուստ տուած են դէ­պի ­Քիւր­տիս­տա­նի տար­բեր շրջան­ներ։ Ա­նոնց­մէ շա­տեր հաս­տա­տո­ւած են գաղ­թա­կան­նե­րու ճամ­բար­նե­րու մէջ։ Ի­րա­քի հա­յե­րը բա­ւա­րար բախ­տը ու­նե­ցան ի­րենց ըն­տա­նե­կան կա­պե­րուն շնոր­հիւ հաս­տա­տո­ւե­լու Էր­պի­լի, ­Տո­հու­քի կամ ­Զա­խո­յի մէջ։

Յու­նիս 2014ին, ՏԱՀԵ­Շի զի­նեալ­նե­րը գրա­ւե­ցին Ի­րա­քի երկ­րորդ մե­ծա­գոյն քա­ղաք ­Մու­սու­լը՝ քան­դե­լով կամ մզկի­թի վե­րա­ծե­լով ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ ա­ռա­ւել եւս նո­ւա­զեց­նե­լով մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­նե­րուն մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րու եւ հա­յե­րու թի­ւը։ ­Կը հա­ղոր­դո­ւի, որ ­Մու­սու­լի մէջ հա­յեր չեն մնա­ցած, իսկ ամ­բողջ Ի­րա­քի մէջ շուրջ 5000 հա­յեր կան։ Ա­նոնց շուրջ կէ­սը կը բնա­կի ­Պաղ­տա­տի մէջ, իսկ 3000 հա­յեր հաս­տա­տո­ւած են ­Տո­հու­քի եւ Էր­պի­լի մէջ, ուր կը պայ­քա­րին պահ­պա­նե­լու ի­րենց հա­մայն­քի ինք­նու­թիւ­նը։ Իր կրօ­նա­կան պար­տա­կա­նու­թեան կա­տար­ման հա­մար, հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ թե­մը աշ­խու­ժօ­րէն կը մաս­նակ­ցէր Էր­պի­լի մէջ հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռուց­ման՝ յար­մա­րե­լու հա­մար ներ­քին տե­ղա­հա­նո­ւած ի­րա­քա­հա­յե­րու մեծ թի­ւին։ ­Մու­սու­լի ան­կու­մէն ետք ­Հայր ­Խա­լա­թեան Էր­պի­լի հետզ­հե­տէ ա­ճող հայ հա­մայն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ, սա­կայն ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռուց­ման ծրա­գիր­նե­րը ջնջո­ւե­ցան, որ­պէս­զի այդ գու­մա­րը յատ­կա­ցո­ւի գաղ­թա­կան­նե­րու։ Այ­լընտ­րան­քի բա­ցա­կա­յու­թեան լոյ­սին տակ հայ վար­դա­պե­տը դի­մեց Ան­քաո­ւա ա­րո­ւար­ձա­նին մէջ գտնո­ւող ա­սո­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ, ուր ի­րեն ար­տօ­նո­ւե­ցաւ պա­տա­րագ մա­տու­ցել հետզ­հե­տէ ա­ճող հայ հա­մայն­քին հա­մար։

Հա­մայն­քին ծննդո­ցը

Պատ­մա­կա­նօ­րէն՝ Ի­րա­քի մէջ հայ հա­մայն­քը կեդ­րո­նա­ցած է ­Պաղ­տա­տի եւ ­Պաս­րա­յի մէջ։ Շր­ջա­նին մէջ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը կը սկսի 17րդ ­դա­րէն, երբ Ս­պա­հա­նէն հայ ա­ռեւտրա­կան­ներ ա­ռեւտ­րա­կան կա­պեր հաս­տա­տե­ցին ու հաս­տա­տո­ւե­ցան ­Պաս­րա­յի մէջ։ Ի տար­բե­րու­թիւն կեդ­րո­նա­կան եւ հա­րա­ւա­յին Ի­րա­քի մէջ հա­յե­րու յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի հին պատ­մու­թեան՝ հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ հայ հա­մայն­քը սկիզբ ա­ռած է 19րդ ­դա­րու կի­սուն։ ­Շուրջ 1860 թո­ւա­կա­նին ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քին թե­լադ­րան­քով՝ հայ­կա­կան փոքր ե­կե­ղե­ցի մը կա­ռու­ցուած է ­Մու­սու­լի մէջ։ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. ­Պա­տե­րազ­մէն ետք‚ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հա­զա­րա­ւոր­ներ Ա­նա­տո­լո­ւէն հա­սան ­Մու­սուլ‚ իսկ ու­րիշ­ներ շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց ճամ­բան դէ­պի ­Պաղ­տատ եւ ­Պաս­րա՝ ի վեր­ջոյ կազ­մա­ւո­րե­լով ե­կե­ղե­ցի­նե­րով‚ դպրոց­նե­րով‚ կրօ­նա­կան ու քա­ղա­քա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած կեն­սու­նակ հա­մայնք­ներ։

Քիւր­տիս­տա­նի հա­յե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը ամ­բող­ջա­կան պի­տի չըլ­լայ՝ ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու ­Լե­ւոն ­Շա­ղո­յեա­նի (1887-1974)‚­ որ ա­ւե­լի ծա­նօթ է ­Լե­ւոն փա­շա ա­նու­նով։ Ան ծնած է ­Վա­նի մօտ գտնո­ւող ­Խա­րա­կանց գիւ­ղին մէջ եւ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. ­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ե­ղած է քա­ղա­քի հայ­կա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­րու հրա­մա­նա­տար­նե­րէն մէ­կը։ 1917ին‚ ռու­սա­կան ու­ժե­րու օս­մա­նեան ճա­կա­տէն հե­ռա­նա­լէն ետք‚ ­Լե­ւոն փա­շա ստանձ­նած է բնակ­չու­թեան մէկ մա­սին ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւ զա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դած Ի­րաք‚ ուր ա­նոնց­մէ ո­մանք հաս­տա­տո­ւած են ­Մու­սու­լի մէջ‚ իսկ ու­րիշ­ներ՝ ­Պաա­քու­պա­յի գաղ­թա­կա­նա­կան ճամ­բա­րին մէջ։ 1920ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, այդ գաղ­թա­կան­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ ­Պաղ­տատ‚ ­Պաս­րա‚ Սու­րիա եւ Ի­րան‚ իսկ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ գիւ­ղա­ցի­նե­րէ բաղ­կա­ցած մնա­ցեա­լը հաս­տա­տո­ւե­ցան ­Քիւ­տիս­տա­նի ­Զա­խօ քա­ղա­քին եւ նո­րա­հաս­տատ եր­կու գիւ­ղեր ­Հաու­րեզ­քի (հայ­կա­կան ­Հայ վրէժ բա­ռին ա­ղա­ւա­ղու­մը) եւ Աւզ­րու­քի մէջ։ ­Հաու­րեզք կը գտնո­ւի ­Տո­հու­քէն 25 մղոն հիւ­սիս՝ դէ­պի ­Զա­խօ գլխա­ւոր ճամ­բուն վրայ‚ իսկ Աւզ­րու­քը ­Զա­խո­յէն միայն 10 մղոն հա­րաւ է։

Եր­կու գիւ­ղե­րու պատ­մու­թիւ­նը

Քիւր­տիս­տա­նի մէջ հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը մին­չեւ 1975 կեդ­րո­նա­ցած էր ­Հաու­րեզք եւ Աւզ­րուք գիւ­ղե­րուն մէջ (վեր­ջինս կազ­մո­ւած է ա­սո­րի եւ հայ բնակ­չու­թե­նէ), երբ ­Սատ­տամ ­Հու­սէյ­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­գե­լա­փա­կեց գիւ­ղե­րը եւ բնակ­չու­թեան ստի­պեց տե­ղա­փո­խո­ւիլ հա­րե­ւան քա­ղաք­ներ։ Այս ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը հա­յե­րուն դէմ չէր‚ այլ ­Քիւր­տիս­տա­նի մէջ բազ­մա­թիւ գիւ­ղե­րու փեշ­մեր­կա­նե­րուն հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը տկա­րաց­նե­լու հա­մար։
Ըստ ­Քիւր­տիս­տա­նի շրջա­նա­յին խորհր­դա­րա­նի նախ­կին ե­րես­փո­խան եւ ծա­գու­մով աւզ­րուք­ցի Ա­րամ ­Շա­հին ­Պա­քո­յեա­նի՝ հա­յե­րը հա­մակ­րանք ու­նէին փեշ­մեր­կա­նե­րուն նկատ­մամբ եւ ա­նոնց­մէ ո­մանք ­Սատ­տամ ­Հու­սէյ­նի վար­չա­կար­գին կող­մէ բան­տար­կո­ւած են տխրահռ­չակ Ա­պու Ղ­րէյպ բան­տին մէջ։

Կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու‚ երբ վար­չա­կար­գը փոր­ձեց փեշ­մեր­կա­նե­րու կող­քին կռո­ւող կարգ մը ոչ-քիւր­տեր հա­մո­զել, որ­պէս­զի ի­րենց կա­պե­րը քրտա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն հետ խզեն, հա­յե­րը մեր­ժե­ցին՝ ը­սե­լով, որ ի­րենք զի­րենք կը նկա­տեն քիւր­տեր‚ թէեւ «քրիս­տո­նեայ քիւր­տեր»։

Եր­կու գիւ­ղե­րը վե­րաբ­նա­կո­ւե­ցան ու վե­րա­շի­նո­ւե­ցան 2006ին‚ երբ ­Քիւր­տիս­տա­նի շրջա­նա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տու­ներ շի­նե­լու հա­մար գու­մար­ներ տրա­մադ­րեց եւ նախ­կին բնա­կիչ­նե­րը քա­ջա­լե­րեց վե­րա­դառ­նա­լու։ Այս աշ­խա­տան­քին մե­ծա­պէս ա­ջակ­ցե­ցաւ ­Սար­գիս Ա­ղա­ճեան ­Մա­մե­տոն‚ ա­սո­րի քա­ղա­քա­գէտ մը‚ որ ­Քիւր­տիս­տա­նի շրջա­նա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ բազ­մա­թիւ պաշ­տօն­ներ ստանձ­նեց‚ նե­րա­ռեալ փոխ-վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը (2004-2006)։ Ըստ ­Հաուզ­րե­քի գիւ­ղա­պետ ­Մու­րատ ­Վար­դա­նեա­նի‚ ­Քիւր­տիս­տա­նի շրջա­նա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 2006էն ի վեր գիւ­ղին մէջ ա­ւե­լի քան 115 տու­ներ շի­նած է։ ­Մօ­տա­կայ օ­դա­կա­յա­նի շի­նու­թիւնն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը գիւ­ղա­ցի­նե­րուն կը խոս­տա­նա­յին գոր­ծի լաւ ա­ռիթ­ներ ստեղ­ծել։ 2014ին ­Մու­սու­լի ան­կու­մէն ետք‚ ան­գամ մը եւս ա­նա­պա­հո­վու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ այդ ծրա­գիր­նե­րը մէկ­դի ձգո­ւե­ցան։

Ե­կե­ղե­ցի եւ պե­տու­թիւն

Քիւր­տիս­տա­նի մէջ հայ հա­մայն­քին կեդ­րո­նը ե­կե­ղե­ցին է։ Ըստ ­Տո­հու­քի մէջ Ս. ­Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լի ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ ­Հաուզ­րե­քի այ­ցե­լու հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Հայր ­Մա­սիս ­Շա­հի­նեա­նի‚ հա­յե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ի­րենց ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ կը խօ­սին հա­յե­րէն եւ քրտե­րէն։ ­Մինչ ե­կե­ղեց­ւոյ ծի­սա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­կա­ւին հա­յե­րէն է՝ քա­րոզ­նե­րը կա՛մ քրտե­րէն են (­Քուր­թան­ճի բար­բառ), կա՛մ ա­րա­բե­րէն։
Թր­քա­կան սահ­մա­նէն նո­ւազ քան 10 մղոն հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին կանգ­նած է հա­մա­լի­րի մը մէջ‚ որ կա­ռու­ցո­ւած է 1968ին ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կի նո­ւի­րա­տո­ւու­թեամբ։
Ինչ­պէս Էր­պի­լի պա­րա­գա­յին‚ ­Զա­խո­յի հայ բնակ­չու­թիւ­նը եւս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ճած է՝ 2013ին 165 ըն­տա­նիք­նե­րէն այ­սօ­րո­ւան ա­ւե­լի քան 240 ըն­տա­նիք­նե­րու։

Ըստ քա­ղա­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Հայր Ա­ռա­քել ­Գաս­պա­րեա­նի՝ նո­րեկ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ­Մու­սու­լէն եւ շրջա­կայ շրջան­նե­րէն փա­խուստ տո­ւած ըն­տա­նիք­ներ են։ Ա­նոնց­մէ մէկն է նաեւ ինք‚ որ մին­չեւ 2014 կը ծա­ռա­յէր իբ­րեւ ­Մու­սու­լի հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նեց իր հօ­տին ա­պա­հով ելք մը գտնե­լու‚ երբ ՏԱՀԵՇ գրա­ւեց քա­ղա­քը։

Քիւր­տիս­տա­նի փոքր հայ հա­մայն­քը լա­ւա­պէս հա­մար­կո­ւած է տեղ­ւոյն ըն­կե­րա­քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան կեան­քին։ Ըստ քրտա­կան շրջա­նա­յին խորհր­դա­րա­նի ներ­կայ ան­դամ Ե­րուանդ Ն­շան ­Մար­քո­զի՝ հա­յե­րը լաւ աչ­քով կը դի­տո­ւին քրտա­կան շրջա­նա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ‚ որ հա­յե­րէ­նը կը նկա­տէ ­Քիւր­տիս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան լե­զու­նե­րէն մէ­կը։
Էր­պի­լի մէջ քիւրտ ա­նա­նուն պաշ­տօ­նա­տար մը պատ­մեց‚ թէ քիւր­տե­րը հա­յե­րը կը նկա­տեն ի­րենց եղ­բայր­նե­րը՝ հաս­տա­տե­լով այն հա­մո­զու­մը‚ թէ «քիւր­տե­րը եւ հա­յե­րը մէկ ազգ էին‚ ­Յի­սուս ե­կաւ եւ զա­նոնք ի­րար­մէ ան­ջա­տեց, եւ երբ իս­լա­մու­թիւ­նը ե­կաւ, քիւր­տե­րը հա­յե­րուն դէմ լա­րեց»։

Տու­հոք քա­ղա­քին մէջ այլ քիւրտ պաշ­տօ­նա­տար մը նշեց‚ որ «Ի տար­բե­րու­թիւն քրիս­տո­նեա­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան‚ ո­րոնք ի­րենց նա­յո­ւածք­նե­րը ուղ­ղած են դէ­պի ա­րեւ­մուտք՝ հա­յե­րը ան­բա­ժան մասն են մեր ըն­կե­րու­թեան։ ­Մենք ազ­գա­յին գետ­նի վրայ ի­րա­րու նման ենք, եւ բազ­մա­թիւ հա­յեր մեր կող­քին կռո­ւե­ցան ա­պա­հո­վե­լու մեր ան­կա­խու­թիւ­նը։ Այն ի­րո­ղու­թիւ­նը‚ որ Աւզ­րու­քի հա­յե­րը քրտե­րէ­նով կը հա­ղոր­դակ­ցին յա­ւե­լեալ փաստ է‚ որ մենք եղ­բայր­ներ ենք»։

Այս ըն­կա­լու­մը կը շեշ­տո­ւի ի տես ­Քիւր­տիս­տա­նի մէջ ոչ-քիւրտ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը նկա­րագ­րե­լու հա­մար օգ­տա­գոր­ծո­ւած բա­ռա­պա­շա­րին։ ­Քիւր­տիս­տա­նի սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­մա­ձայն‚ շրջա­նը 111 ա­թոռ­նե­րէ բաղ­կա­ցած խորհր­դա­րան մը ու­նի‚ ո­րոնց­մէ 11ը վե­րա­պա­հո­ւած է ոչ-քիւրտ հա­մայնք­նե­րու։ 5 ա­թոռ­ներ յատ­կա­ցո­ւած են թիւրք­մէն­նե­րուն‚ 5՝ քրիս­տո­նեա­նե­րուն եւ ան­ջատ ա­թոռ մըն ալ վե­րա­պա­հո­ւած է հայ հա­մայն­քին՝ ի­րո­ղա­պէս զայն զա­տո­րո­շե­լով ­Քիւր­տիս­տա­նի մնա­ցեալ քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թե­նէն։

Քիւր­տիս­տա­նի շրջա­նա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ի­րենց ան­ջատ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան կող­քին՝ հա­յե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւած են ­Տո­հու­քի եւ ­Զա­խո­յի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն մէջ՝ աշ­խու­ժօ­րէն մաս­նակ­ցե­լով ո­րո­շում­նե­րու որ­դեգր­ման‚ ո­րոնք ոչ միայն կ­՚ազ­դեն հա­յե­րուն վրայ‚ այլ նաեւ կը վե­րա­բե­րին ա­ւե­լի հա­մա­պար­փակ հար­ցե­րու. ինչ­պէս՝ գոր­ծի ա­ռիթ­նե­րու ստեղծ­ման‚ են­թա­կա­ռոյց­նե­րու նո­րոգ­ման եւ ա­պա­հո­վա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու։ Օ­րի­նակ՝ ­Հաու­րեզ­քի հայ գիւ­ղա­ցի­նե­րը կա­մա­ւո­րա­պէս եւ հեր­թա­կա­նու­թեամբ կը ծա­ռա­յեն ­Փեշ­մեր­կայ ու­ժե­րուն մէջ, իբ­րեւ գիւ­ղէն նո­ւազ քան 50 մղոն հե­ռու գտնո­ւող ՏԱՀԵ­Շի հետ ճա­կա­տին վրայ պա­հակ­ներ։

Ա­նո­րոշ ա­պա­գայ

Շր­ջա­նի հա­յե­րուն դի­մագ­րա­ւած ա­նա­պա­հո­վու­թիւ­նը վատ­թա­րաց­նո­ղը տեղ­ւոյն հա­մայն­քին զգա­ցած աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թե­նէն եւ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն լքո­ւա­ծու­թիւնն ու ան­տե­սումն են‚ ինչ­պէս նաեւ՝ հետզ­հե­տէ ա­ճող զայ­րոյ­թը այն ի­րո­ղու­թեան դէմ, որ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քը կը շա­րու­նա­կէ չլու­ծել բռնա­րարք­նե­րու թի­րախ դար­ձած քրիս­տո­նեա­նե­րուն զան­գո­ւա­ծա­յին գաղ­թի հար­ցե­րը։ ­Քիւր­տիս­տա­նի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը ի­րե­րա­յա­ջորդ կեր­պով ի­րենց յու­սա­խա­բու­թիւ­նը կ­՚ար­տա­յայ­տեն, եւ շա­տեր զու­գա­հեռ­ներ կը գծեն սու­րիա­հա­յե­րուն եւ ­Սու­րիոյ մէջ ա­տե­նօք կեն­սու­նակ հա­մայն­քի նօս­րաց­ման հետ՝ շեշ­տե­լով, որ ի­րենց ա­պա­գան նոյն­քան մութ է։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան կող­մէ նկա­տա­ռե­լի եւ շօ­շա­փե­լի քայ­լե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը՝ դժգո­հու­թեամբ կ­՚ըն­կա­լո­ւի։ ­Վեր­ջերս հնչած այն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը‚ թէ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը ծրագ­րէ Էր­պի­լի մէջ հիմ­նել հիւ­պա­տո­սա­րան մը, ինչ­պէս նաեւ՝ շա­բա­թա­կան դրու­թեամբ Էր­պի­լի եւ Ե­րե­ւա­նի մի­ջեւ ի­րա­գոր­ծո­ւող թռիչք­նե­րը այս հա­մա­տա­րած ըն­կա­լու­մին վրայ չեն ազ­դեր։

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ հայ հա­մայն­քի մնա­ցոր­դա­ցը‚ որ ­Քիւր­տիս­տա­նի գիւ­ղե­րը տե­ղա­փո­խո­ւած է‚ կը գտնուի խաչ­մե­րու­կի մը վրայ։ ­Մէկ կող­մէ կան ան­հատ­ներ‚ ո­րոնք կ­՚ու­զեն տե­ղա­փո­խո­ւիլ Եւ­րո­պա (մաս­նա­ւո­րա­բար ­Հո­լան­տա եւ ­Գեր­մա­նիա)‚­ ուր ար­դէն ազ­գա­կան­ներ ու­նին‚ սա­կայն կը մտա­հո­գո­ւին գործ գտնե­լու եւ Ի­րա­քի մէջ ի­րենց գոր­ծա­տե­ղի­նե­րուն քայ­քայ­ման հար­ցե­րով։ ­Միւս կող­մէ կան ու­րիշ­ներ‚ ո­րոնք վճռած են մնալ Քիւր­տիս­տա­նի մէջ, թէ­կուզ հա­լա­ծան­քի եւ ան­կա­յու­նու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ։

Նոյ­նիսկ ե­թէ ՏԱՀԵՇ պար­տու­թեան մատ­նո­ւի‚ Ի­րա­քի մէջ ա­նոնց ա­պա­գան յստակ չէ։ ­Տա­րի­քը մէկ այլ ցու­ցա­նիշ է կար­ծի­քի‚ ո­րով­հե­տեւ տե­սա­կէտ­նե­րը տա­րի­քի հա­մե­մատ կը փո­խո­ւին. ե­րի­տա­սարդ­նե­րը‚ ո­րոնք ­Քիւր­տիս­տա­նի մէջ շի­նա­րա­րա­կան եւ մա­տու­ցո­ղա­կան աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ կ­՚աշ­խա­տին, կը նա­խընտ­րեն մնալ ­Քիւր­տիս­տան, քան թէ ա­րեւ­մուտ­քի մէջ ան­յայտ ա­պա­գայ դի­մագ­րա­ւեն։

kurdistan2