Լրագրողներու Համահայկական 9րդ Համաժողովը Ամփոփեց իր Աշխատանքը


Յունիս 1-ին Լրագրողներու համահայկական 9րդ համաժողովը երրորդ եւ վերջին օրը ըլլալով շարունակեց եւ ամփոփեց աշխատանքը «Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հայ լրագրութիւնը» թեմաթիկ նիստով։

«Հայկական օրակարգի խնդիրները հայութեանն ու Հայաստանին ուղղուած ներկայի մարտահրաւէրներու ու սպառնալիքներու լոյսի ներքոյ» թեմայով ելոյթ ունեցաւ «Լուսաւոր Աւետիս» լրատուական կայքի թղթակից Տիգրան Փաշաբեզեան (Ֆրանսա): Ան նշեց, որ համահայկական օրակարգը ամբողջացնելու ժամանակն է եւ առաջարկեց գործի անցնիլ առանց աւելորդ շտապողականութեան: Թեմայի շուրջ ծաւալած բուռն քննարկման արդիւնքով կարեւոր նկատուեցաւ  ազգային գաղափարախօսութեան  եւ արժեհամակարգի մշակման եւ յստակեցման հետ կապուած հարցերը:

«Միաբան» տեղեկատուական կայքի աշխատակից Եուլիա Գիւլոյեան (Ռուսիա) ելոյթ ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնակող հայրենակիցներու հետ մշակութային կապեր հաստատելու անհրաժեշտութեան մասին:

«Հայտեղեկատուակեդրոն» վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Արմէն Տէր Սարգսեան (Ռուսիա) իր ելոյթին մէջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արեւմտեան Հայասատնի հայերու հիմնախնդիրները եւ ատոնց լուծման ուղիները Հայկական Հարցի լուծման միջոցով:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Օրեր» լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեան (Չեխիա): Ան հանդէս եկաւ համաժողովի օրերուն հնչած ելոյթներու վերլուծութեամբ, նշեց որ համաժողովի ձեւաչափը ինքզինք սպառած է եւ քանի մը գործնական առաջարկ ըրաւ յետագայ համագործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ շարունակելու համար:

Նոյն օրը  9րդ համաժողովի մասնակիցները հանդիպում մը ունեցան Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:

Ողջունելով համաժողովի մասնակիցները` Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ կարեւոր կը համարէ սփիւռքահայ լրագրողներու հետ նման ձեւաչափով հանդիպումը, քանի որ անոնց շնորհիւ նաեւ ուղերձներ կը փոխանցուին Սփիւռքի հայ համայնքներուն: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարն ընդգծեց, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք կրթական ոլորտի բարեփոխումները առաջնային են, եւ առկայ է քաղաքական կամք` լուծելու ե՛ւ այժմէական, ե՛ւ ռազմավարական մօտեցում պահանջող խնդիրները:

«Կրթութիւնը պէտք է հասանելի ըլլայ բոլորին: Սա լուրջ հրամայական է», նշեց Յարութիւնեան:

«Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան (Չեխիա) հետաքրքրուեցաւ` արդեօք նախարարը հասցուցած է ծանօթանալ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան` Սփիւռքին առնչուող ծրագիրներուն, եւ յետագային ի՞նչ փոփոխութիւններ կը սպասուին: Յարութիւնեան նշեց, որ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ այս թեմայով քննարկում  արդէն եղած է, սակայն թեման խոր ուսումնասիրութիւններու կարիք ունի:

«Ազատ օր» թերթի խմբագիր Յովսէփ Պարազեան (Յունաստան) ողջունելի համարեց դպրոցներու ապաքաղաքականացման գործընթացը:

Ամերիկահայ լրագրող, հրապարակախօս Յակոբ Պալեան նախարար հարցուց միասնական ուղղագրութեան անհրաժեշտութեան, դասական ուղղագրութեան անցման եւ հայերէնի անաղարտութեան պահպանման մասին: Կրթութեան նախարարը նշեց, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ անցումը միասնական ուղղագրութեան ներկայ ժամանակաւոր կառավարութեան համար առաջնային չէ, իսկ թեման մեծ լարուածութիւն առիթ կը հանդիսնայ նաեւ Սփիւռքի մէջ:

«Խօսնակ» ամսաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան (Լիբանան) ընդգծեց, որ  այսօր արդէն արեւմտահայերէնը  լուրջ վտանգի տակ է, եւ կարեւոր համարեց Հայաստանի դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման մակարդակի բարձրացումը: Նախարարը նշեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ թեմայի առնչութեամբ կատարուած են առաջարկներ, որոնք պիտի քննուին եւ կեանքի կոչուին:

Համաժողովի մասնակիցները Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի հետ զրուցեցին դպրոցներու մէջ ուսուցիչի դերի եւ հեղինակութեան վերարժեւորման մասին: Նախարարը նշեց, որ ուսուցիչը նախեւառաջ պէտք է աշակերտներուն մտածել սորվեցնէ, փոխանցէ անհրաժեշտ հմտութիւններ, զբաղի ինքնակրթութեամբ եւ կիրառէ նոր մեթոտներ:

Սփիւռքահայ լրագրողները անդրադարձան նաեւ Լեզուի պետական տեսչութեան աշխատանքին, ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ հայերէնի ներկայ վիճակին, Սփիւռքի դպրոցներու մէջ հայերէնի իմացութիւնը փաստող վկայականներու անհրաժեշտութեան:

Ամփոփելով համաժողովի աշխատանքը` Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան նշեց, որ համաժողովին մասնակցած է Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ Արցախէն 100է աւելի լրագրողներ, որոնցմէ 40ը գլխաւոր խմբագիր: Քննարկուած է 7 թեմա, ելոյթ ունեցած է 30 մասնակից, յարակից ելոյթներով եւ առաջարկներով հանդէս եկած է 50-է աւելի լրագրող: Զեկուցողը կարեւոր նկատեց  կազմակերպական եւ բովանդակային ձեւաչափի մշակումը:

Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան աշխատանքային խումբի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու համար եւ նշեց, որ համաժողովը եւս մէկ հանգրուան հանդիսացաւ համահայկական տեղեկատուական հարթակ ստեղծելու ճանապարհին: