Հալէպի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ Մատուցուեցաւ Սուրբ Յարութեան Պատարագ


«Գանձասար»․- Ապրիլ 16ի առաւօտուն, Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներէն ներս, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան քարոզի պահուն Ս. Յարութեան տօնին իր պատգամը տուաւ:

Ապրիլ 17ին, ի յիշատակ մեռելոցի, Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ, 6 տարուան ընդմիջումէն ետք, Տէր Շահան Արք. Սարգիսեան Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց՝ հոծ բազմութեան եւ հիւրերու ներկայութեան:

Ապա սրբազան հայրը ներկայացուց օրուան պատգամը, որմէ ետք հանդիսաւոր թափօրը շրջագայեցաւ մատրան շրջափակին մէջ ու խաչաձեւ ուղղութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ հալէպահայ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: