Հայաստանի Եւ Արցախի Ղեկավարութիւնը Եռաբլուրի Մէջ Յարգեցին Զոհուած Հայորդիներուն Յիշատակը


Հայոց բանակի կազմաւորման 25րդ տարեդարձին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնները այցելեցին Եռաբլուր, յարգանքի տուրք մատուցանեցին իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

«Եռաբլուր» պանթէոն այցելեցին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ կաթողիկոս, Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Կարէն Կարապետեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ: Անոնք ծաղիկներ դրին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկի շիրիմներուն եւ Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու ու զինծառայողներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

1992ի Յունուար 28ին Կառավարութիւնը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մասին» պատմական որոշումը` ատով իրաւականօրէն ազդարարելով Հայոց Ազգային բանակի ստեղծումը: 1992ի Մայիսին պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսաւ առաջին զօրակոչը հանրապետութեան տարածքին` հիմք դնելով բանակը ժամկետային զինծառայողներով համալրելու աւանդոյթին:

Հայոց բանակի օրուան առիթով ՀՀ նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունենացաւ պարգեւատրման արարողութիւն, իսկ երեկոյեան` տօնական համերգ:

Յունուար 29ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ․Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ: Կատարուեցաւ նաեւ Հանրապետական մաղթանք` Հայրենիքի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար: