Հայաստանի Պետական Այրերը Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին


Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ․ Ամենայն հայոց կաթողիկոս եւ պետական բարձրաստիճան այրեր այսօր Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Անոնք ծաղիկներ խոնարհեցին Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բը հոգեհանգստեան կարգ մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի առիթով։

Արարողութենէն ետք անոնք այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ` դիտեցին ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Եղեռնէն դէպի անկախութեան վերականգնում» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացառիկ ցուցանմուշներն ու Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցման 50ամեակին նուիրուած ցուցադրութեան օրինակները: