Հայոց Պատմութեան ու Գրականութեան Խառնասերումը


Մարալ Զարիկեան


Նախաձեռնութեամբ ՀՕՄի Թորոնթօ «Ռուբինա» մասնաճիւղին եւ համագործակցութեամբ Դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, Դեկտեմբեր 18ին տեղի ունեցաւ «Հայոց Պատմութեան ու Գրականութեան Խառնասերումը» խորագիրով դասախօսութիւն մը, Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս ։

Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, պատմասէրներու քաջալերելի թիւը ջերմացուց մթնոլորտը։

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարչական ընկերուհի Մարալ Միսիրեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց դասախօսներու կենսագրականները, ապա բեմ հրաւիրեց պատմագիտական տոկդորայի ուսանող՝ Տանիէլ Օհանեանը։

Ան պատգամագրութեան սահմանումի եւ պատմագէտներու կանխայղացումներու մասին հակիրճ բացատրութիւնէ մը ետք, հետաքրքրական եւ դիւրամատչելի ձեւով պարզաբանեց Օսմանագիտութիւնը, 15 տարիներ առաջ սկսած Օսմանեան եւ Հայոց Պատմութեան ձեւերն ու արդիւնքները թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ առօրեայ կեանքի ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ այս դարու նոր ձեռնարկներու ու տարբեր լեզուներով հրատարակութիւններու ունեցած դերը մեր պատմական կանխայղացումներու փոփոխութեան մէջ. միշտ մէջբերելով իր սերտողութիւններուն վրայ հիմնուած իւրայատուկ օրինակներ, ինչպէս Վարդապետ Ինճիճեանի «Դարապատում» գրքէն կարճ մեկնաբանութիւն մը եւ Օսմանեան կառավարութեան տուեալներու վրայ հիմնուած, մարդահամարի վերջին կանոնագրի արխիւներէն քարտէսի մը բացատրութիւնը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Արեւմտեան համալսարաններու դէպի նորութեան ձգտումը եւ Թուրքիոյ Եւրոխորհուրդի անդամակցութեան նպաստումը մերձերցման աշխատանքին։ Օհանեանի դասախօսութիւնը աւելի եւս յստակացաւ, երբ ան օգրագործեց համակարգիչի միջոցաւ պաստառի վրայ բացատրութիւններ։ Նաեւ մեզ հմայեց իր սահուն եւ մաքրամաքուր Հայերէն լեզուի գործածութեամբ։

Դասախօսութեան երկրորդ բաժինը Անգլերէն լեզուով ներկայացուց ամերիկահայ հայերէնէ անգլերէնի թարգմանիչ Ճէնիֆըր Մանուկեան։ Ան կարճ տարիներու ընթացքին սորված է Հայերէն եւ արդէն կը կատարէ լուրջ թարգմանութիւններ։

Ան ներկայացուց 20րդ դարու Հայ-Ֆրանսական գրականութեան մերձերցման պատմականը, մատնանշելով 1930ական թուականներուն ծնունդ առած Արեւմտահայ գրողներու խմբակցութեան կազմակերպման պայմանները եւ այդ գրագէտներու ցեղասպանութեան յուշերով լի վէպերուն ներմուծած դերը գրականութեան մերձերցման աշխատանքներուն։ Դասախօսը կեդրոնացաւ Զարեհ Որբունիի կեանքին եւ գրական գործերուն վրայ, ներկաներուն  ուշադրութեան յանձնեց իր կողմէ անգլերէնի թարգմանուած, նոր հրատարակուած Որբունիի «Թեկնածուն», “The Candidate” վէպը։

Դասախօսութեան աւարտին դասախօսները պատասխանեցին ներկաներուն հետաքրքրաշարժ հարցումներուն։

Այս շահեկան դասախօսութեան աւարտին ՀՕՄի ատենապետուհի Իրէն Թէլէմեան շնորհակալան խօսք ուղղեց կազմակերպողներուն և դասախօսներուն՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, նաեւ նուիրեց մասնաճիւղիս կողմէ երկու շահեկան գիրքեր առ ի գնահատանք իրենց ներկայացումներուն։