Հանգիստ` Կովկասեան Զուիցերիոյ Մէջ. Travelblogի Անդրադարձը Արցախի Զբօսաշրջային Գրաւչութեան


«Արցախփրես»․- Մերձպալթեան երկիրներու մէջ յայտնի ճանապարհորդական պլոկը` travelblog.lvն, յօդուածով մը ներկայացուցած է Արցախի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը:

Յօդուածը վերնագրուած է. «Հանգիստ` գոյութիւն չունեցող երկրի մը մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն»:

«Կովկասեան Զուիցերիա. նման անուանում ստացած է աշխարհի ոչ մէկ երկրի կողմէ ճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Անդրկովկասի մէջ գտնուող Արցախի (հայերը այդպէս կ՛անուանեն ԼՂՀն) լեռները 40 տոկոսով պատուած են անտառներով», կը գրէ յօդուածին հեղինակը` նշելով, որ թէեւ երկիրը քաղաքական եւ տնտեսական մեկուսացման մէջ է եւ ունի տարածքային խնդիր, սակայն կառավարութիւնը սկսած է աշխուժօրէն զբաղիլ զբօսաշրջութեան զարգացմամբ:

«Վերջին 10 տարուան ընթացքին օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն, որոնք հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Արցախի նկատմամբ, թիւը աւելցած է աւելի քան 4 անգամ` հասնելով տարեկան 16 հազարի», կը նշէ պլոկը` ընդգծելով, որ տարածաշրջանի վերականգնման ծրագրի նպատակով արտերկրի մէջ բնակող հարուստ հայերու միջոցներով կառուցուած են հարիւրաւոր քիլոմեթրերով ճանապարհներ, վերակառուցուած են դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ բնակելի թաղամասեր, վերանորոգուած են ճարտարապետական կոթողներ:

Կայքը կը նշէ, որ ԼՂ մուտքը կարելի է միայն Հայաստանի ցամաքային տարածքով: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն մուտք գործելու ժամանակ ձեզ կը դիմաւորեն քանի մը սիրալիր զինուորականներ, կը խնդրեն ցոյց տալ անձնագիրները եւ պարտադիր արձանագրուիլ Ստեփանակերտի մէջ, ինչ որ, ինչպէս յետոյ պարզուեցաւ, կը տեւէ ընդամէնը 10 վայրկեան ու անհրաժեշտ է միայն վիճակագրութեան համար», կը գրէ հեղինակը:

Ան կը ներկայացնէ 53 հազար բնակչութիւն ունեցող մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանը, Գանձասարի վանքը, Տիգրանակերտն ու այնտեղ իրականացուող հնագիտական պեղումները, Շուշին` Ղարաբաղի հայերու ազատագրման ու անկախութեան խորհրդանիշը, Ճտրտուզը, «Զոնդիկներ» փոքր-ջրվէժը, Դադիվանքը եւ այլն: Հեղինակի ուշադրութենէն չի վրիպիր նաեւ «ժենգեալով հացը»:

«Արցախի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը հաստատուած է համաշխարհային առաջատար պարբերականներուն կողմէ: Ատոնցմէ կարելի է առանձնացնել The New York Timesի լրագրողին յօդուածը` «Տաք ընդունելութիւն Կովկասի մէջ», ինչպէս նաեւ բրիտանական The Guardianի կողմէ ԼՂՀն ամառնային արձակուրդները անցնելու լաւագոյն երկիրներու մէջ ներառելու փաստը», եզրափակած է հեղինակը: