Հենրիխ Մխիթարեան Պաշտօնապէս Տեղափոխուեցաւ «Արսենալ»


Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեան պաշտօնապէս տեղափոխուեցաւ Լոնտոնի «Արսենալ»: Իսկ թէ ան ինչ թիւով հանդէս պիտի գայ դեռ յայտնի չէ:

Հենրիխ Մխիթարեան «Մանչեսթըր Եունայթըտ» տեղափոխուած էր 2016ին Տորթմունտի «Պորուսիա»էն: Հայ կիսապաշտպանը «կարմիր սատանաներ»ու կազմին մէջ 2016/17 մրցաշրջանին դարձաւ Եւրոպայի լիկայի յաղթող` հեղինակելով եզրափակիչ երկու կոլերէն մէկը:

Հենրիխ Մխիթարեան հրաժեշտի խօսքով դիմած է «Մանչեսթըր»ի իր համակիրներուն:

«Կը ցանկայի իմ անկեղծ շնորհակալութիւնը յայտնել «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի խաղցողներուն, աշխատակազմին եւ, յատկապէս, համակիրներուն, իրենց սիրոյ եւ աջակցութեան համար: Ինծի համար մեծ պատիւ էր ձեր մեծագոյն ակումբին հետ շահիլ Եւրոպայի լիկան: Ես միշտ մեծ գնահատանքով պիտի յիշեմ այդ իրադարձութիւնները: Ինչպէս նաեւ պիտի յիշեմ «կարիճ» հարուածով իմ կոլը, եւ ամէն անգամ խաղադաշտ դուրս գալուն «Whoa Մխիթարեան» երգը: Ես վայելած եմ ամէն րոպէն, որ անցուցած եւ կիսած ենք միասին: Իմ ասպարէզի այս շրջանին ես պէտք է բաւականութիւն ստանամ ես ինծմէ եւ խաղամ: Ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորիդ: Կեանքը կը շարունակուի», Facebookի իր էջին մէջ գրած է Մխիթարեան:

«Մանչեսթըր Եունայթըտ»ը թուիթըրի իր էջին մէջ յաջողութիւն մաղթած է Մխիթարեանին` գրելով. «Մենք յաջողութիւն կը մաղթենք Հենրիխ Մխիթարեանին տեղափոխութեան առիթով եւ շնորհակալութիւն յիշողութիւններու համար»: