Հայաստանի Օդուժին Պատկանող Սու-25 Օդանաւը Ջախջախուած է․ Զոհուած Են Անոր Երկու Օդաչուները


Դեկտեմբեր 4ին Հայկական օդուժին պատկանող Սու-25 ռազմական օդանաւը վթարի ենթարկուած է։ Զոհուած են օդանաւի երկու օդաչուները։

Այսօր առաւօտեան, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ Երեւանի ժամանակով մօտ ժամը 10.20ին, ամենօրեայ մարտական պատրաստութեան ծրագիրով մարզումի թռիչք իրականացնող ՀՀ զինուած ուժերու Սու-25 մարտական օդանաւի հետ կապը կորսուած է: Oդանաւը թռչած է ժամը 10.06ին` Գիւմրիի օդակայանէն:

Աւելի ուշ Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան իր ֆէյսպուքեան էջին միջոցով տեղեկացուց, որ Սու-25 օդանաւը ջախջախուած է Մարալիկի լեռներուն վրայ: Մահացած են անոր երկու օդաչուները՝ փոխգնդապետ Արմէն Բաբայեանն ու աւագ սպայ Մովսէս Մանուկեանը: