Հոլանտայի Խորհրդարանի Ստորին Պալատը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


“Նիուզ”․- Հոլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատը` Tweede Kamerը, Հինգշաբթի օրը, ձայներու մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին երկու բանաձեւերուն: 

Բանաձեւերէն առաջինը կը նշէ, որ Tweede Kamerը «կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», միւսը, որ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը պէտք է Ապրիլին ներկայ գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման արարողութեան Հայաստանի մէջ: 

Երկու բանաձեւերն ալ ներկայացուած էին ChristenUnie կուսակցութեան պատգամաւոր Եոյել Ֆորտեւինտի կողմէ: Բոլոր 4 համախոհ ուժերը սատարած են այդ բանաձեւերուն:

Մինչեւ հիմա Հոլանտան երբեք պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը` միշտ խօսելով «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի մասին»: Բայց խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կը գտնէ, որ ժամանակն է ատիկա փոխելու: «Մենք չենք կրնար ժխտել պատմութիւնը պատժամիջոցներու վախէն, որովհետեւ մեր երկիրը միջազգային իրաւունքի մայրաքաղաքն է, ուստի մենք պէտք չէ վախնանք ճիշդ քայլեր ընելէն»,  ըսած է Ֆորտեւինտը: