Մահացաւ Երաժիշտ Եւ «Սիկառի Արքայ» Աւօ Ուվեզեան


«Ասպարէզ»․- Մարտ 24ին, Օրլանտոյի մէջ, 91 տարեկանին մահացաւ երաժիշտ եւ «սիկառի արքայ» Աւօ Ուվեզեան:

Ան Ֆրենք Սինաթրայի «Սթրէյնճըրզ ին տը Նայթ» (Strangers in the Night) երգի հեղինակն է: Երաժշտական իր ասպարէզին զուգահեռ՝ Ուվեզեան նաեւ թանկարժէք սիկառներու «AVO» մակնիշի հիմնադիրն է:

Ան ծնած էր 1926ին, Պէյրութ: Դիպուածով կը ծանօթանայ Պարսկաստանի գահաժառանգ Ռեզա Փահլաւիի հետ, որուն համակրանքին արժանանալով՝ վերջինիս միջոցով կը ղրկուի Միացեալ Նահանգներ՝ ուսանելու Նիւ Եորքի «Ճուլիարտ» հանրածանօթ դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ, ամուսնանալով ծանօթ ոսկերիչի մը աղջկան հետ, կը զբաղի նաեւ ոսկերչութեամբ՝ երաժշտութեան զուգահեռ: 1958ին ճակատագիրը իրեն կը վերապահէ երջանիկ անակնկալ մը եւս. Լաս Վեկասի մէջ կը ծանօթանայ Սինաթրայի հետ: Տարի մը ետք Ուվեզեանի յօրինած Broken Guitar («Կոտրած Կիթառ») երգը կը ներկայացուի Սինաթրային, որ մեղեդիով հիացած, կ՛առաջարկէ միայն բառերը փոխել: Այդպէսով ծնունդ կ՛առնէ աշխարհահռչակ Strangers in the Night երգը: