Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կ’առաջարկէ Եւրոպական Դատարանին Արագացնել Սիսի Դատին Ընթացքը


Արամ Ա. Կաթողիկոսի յանձնարարականով՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին Իրաւական Յանձնախումբը Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին գրաւոր հայց ներկայացուցնելով՝ պահանջեց․

Առաջին, 7 Դեկտեմբեր 2016ին իրեն ներկայացուած Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական թղթածրարը Թուրքիոյ դատարանին չյղել, նկատի ունենալով՝ Թուրքիայէն ներս պարզուած անորոշ վիճակը, դատական-իրաւական օրէնքներուն խախտումը, ապօրէն վերաբերումը դատաւորներու ու փաստաբաններու նկատմամբ, եւ ընդհանրապէս տիրող բռնատիրական կացութիւնը։ Արդարեւ, մտահոգիչ կացութիւն մը, որուն նկատմամբ, ինչպէս կը յիշեցնէ Իրաւական Յանձնախումբի հայցը, Եւրոպայի Խորհուրդի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովի ներկայացուցիչը, Փետրուար 15ին, եւ Վենետիկի Յանձնաժողովը, Մարտ 13ին, իրենց մտավախութիւնը յայտնած էին, բազմաթիւ այլ երկիրներու ու կազմակերպութիւններու շարքին։

Երկրորդ, իրաւական յանձնախումբը նաեւ կ’առաջարկէ արագացնել Սիսի Կաթողիկոսարանի դատավարութիւնը Եւրոպական Դատարանի 61րդ յօդուածին համաձայն. նկատի ունենալով Թուրքիոյ կողմէ անոր մերժումը, ինչպէս նաեւ դատին ներկայացուցած կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին համար։

Յայտնենք, որ Իրաւական Յանձնախումբը Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ մօտէն կը հետեւի Սիսի դատին առնչուած աշխատանքներուն։