«Մենք․․․» Ցնծութեամբ Կը Տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակը


Պատանիներու խումբի մէկ կատարումէն պահ մը:

Արշօ Զաքարեան


Համազգայինի Արցախ պարարուեստի եւ Էրեբունի պարախումբի տարեկան ելոյթը այս տարի կը կրէր ՙՄենք․․․՚ խորագիրը նուիրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին։

Քոչարի-Ազգագարան պար, Էրեբունի պարախումբ։

Յունիս 23ին եւ 24ին Թորոնթոյի ՙՀամազգային՚ թատերասրահը թնդաց 21 պարերեղանակներով եւ ոտքերու միաձոյլ հարուածներով։ Ձեռնարկը ծայր առաւ Ժագ Յակոբեանի ՙՄենք՚ քերթուածով․ ասմունքողը ընթացիկ տարուան արտասանութեան մրցոյթի Ա․ մրցանակակիր պարմանուհի Լոռի Պէրպէրեանն է, որ ապրումով կը մեկնաբանէ բանաստեղծին՝ հայութիւնը բնորոշող բառերը։

Գեղարուեստական ղեկավար եւ պարասոյց Արեւիկ Մարտիրոսեան այս տարի պատրաստած էր բազմաթիւ պարեր, որոնց առանցքը կը կազմէջ Ա. Հանրապետութեան 100ամեակը. յաջորդաբար կատարուեցան ՙՄենք,՚ ՙԱզգագրական՚, ՙՄիասնութիւն՚, ՙԾաղկած բալենի՚, ՙՀայ հայ՚, ՙԱւարայր՚, ՙԽաղ պար՚, Մախմուր աղջիկ՚, ՙՍարդարապատ՚, ՙՓոքրերի աշխարհ՚, ՙԶանգեզուրի պար՚, ՙՎերվերի՚, ՙԱլուան վարդեր՚, ՙԱզգագրական՚, ՙԿատակ պար՚, ՙԿապոյտ թռչուն՚, ՙԵս իմ անոյշ Հայաստանի՚, ՙՀայրենիք՚, ՙՅաղթանակի պար՚ եւ ՙՓակում՚ պարերը։ Իսկ ՙԱրցախ՚ եւ ՙՔոչարի՚ պարերը օգնական պարուսոյց Դաւիթ եւ Մարիա Մանուկեաններու բեմադրութիւնն էր։

Կապոյտ Թռչուն պարէն պատկեր մը:

Արեւիկ Մարտիրոսեան Աւոյեանի տաղանդը եւ կարողութիւնը հայրենի վարպետ պարուսոյցներու հովանիին տակ զարգացած է․ ան եղած է ՙԲերդ՚ պարային համոյթի առաջաւոր պարողներէն եւ այժմ, երկու տարիէ ի վեր կը ղեկավարէ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի ՙԱրցախ՚ պարարուեստի ուսումնարանի եւ ՙԷրեբունի՚ պարախումբի 150 աշակերտները, որոնք կը կազմեն եօթը խումբ։

Տպաւորիչ էր բեմի պաստառի վրայ լուսանկարներու յաճախակի փոփոխութիւնները, յարմար՝ պարի նիւթին եւ մթնոլորտին, հայրենի ծաղիկներէն մինչեւ պատմական վայրերը, պտուղներէն մինչեւ բնութիւնը, արուեստի քանդակներէն մինչեւ խորհրդանշական կոթողները ։

Պարողներու համաչափ քայլերը, աղջիկներու հեզաճկուն շարժումները, փոքրերու ուրախ տրամադրութիւնը, տղաներու համարձակ ոստումները, պարմանուհիներու ապրումով պարերու մեկնաբանութիւնը ցոյց կուտային, որ անոնք ընկալած էին պարերուն խորքը։ Իսկ տարազներու գեղեցկութիւնը եւ գոյներու համադրումը կը ցոլացնէին մեր մշակոյթի գունագեղ ոլորտները։

Իւրաքանչիւր պարէն ետք, ներկաներէն կը լսուէին ՙապրիս՚ներ։ Տեղ-տեղ հակիրճ եւ պատշաճ բեմական խօսքերը, պարերու մուտքերը եւ ելքերը ուշադրութեամբ համադրուած էին։ Կը զարմանանք տարազներու արագ փոփոխութեան։ Պատճառ՞ը. գուլիսին ետին ՙփոքր բանակ մը՚, որ պատրաստ է այդ փոփոխութիւնները գործադրելու առանց յապաղումի։

Նման վիթխարի գործ մը կարելի չէ իրականացնել առանց պարարուեստի անձնուէր յանձնախումբին, որ արգելք, հարց ու հանգոյց չի ճանչցար եւ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին կը հետեւի, կը համադրէ եւ կը հսկէ փորձերուն։ Նաեւ կը սերտէ, կը պրպտէ, կը ձեւէ նոր տարազներ, երբեմն ալ հեռաւոր վայրերէ կը ճարէ եզակին եւ որակաւորը։

Առանց վարանելու կրնանք հաստատել, որ այս ելոյթը Համազգայինի լաւագոյններէն էր։ Այդ բացայայտ էր առաջին պարէն մինչեւ փակումը։ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի ատենապետուհին եւ հանդիսավարը փակման խօսքին մէջ կ՛ըսէ. ՙԲծախնդրութեամբ բեմադրուած ու համադրուած՝ նպատակսլաց ՙՄենք․․․՚ը մեր ազգի յաղթական ոգիին մարմնացումն է, մեր հաստատակամ ոտքի զարկն է, մեր հերոս զինուորին անվեհեր բազկի զարկն է, մեր ծփուն արտն է, մեր մանուկներուն զուարթ կանչն է, մեր փառապանծ անցեալը, յուսալից ներկան ու տակաւին՝ վարդահեղեղ ապագան է՚: 

Այս տքնաջան աշխատանքի արգասիքը վայելեցինք բոլորս՝ ծնողներ, հարազատներ, պարարուեստի սիրահարներ եւ քաջալերողներ։