Միայն Թուրքիոյ Խորհրդարանը Կրնայ Ամոքել Հայ Ժողովուրդին Վէրքերը. Կարօ Փայլան


“Արմենփրես”,- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանչման:

Ան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ տասնեակ խորհրդարաններէ ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ նաեւ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը:

«Մեր ցաւը դարձաւ այլ խորհրդարաններու օրակարգի նիւթ, քանի որ մեր երկիրը 105 տարիէ ի վեր կ՚ուրանայ զայն։

Հայոց վէրքերը կրնայ ամոքել միայն Թուրքիոյ խորհրդարանը, որուն մէկ անդամն եմ», նշած է ան:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու տունը Հոկտեմբեր 29-ին տեղի ունեցած իր նիստին ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: Քուէարկութեան մասնակցած քոնկրեսականներէն կողմ քուէարկեցին 405, դէմ` 11ը: