Նոր Զելանտիոյ Փոքրաթիւ Հայ Համայնքը


 «Արմենփրես»․- Նոր Զելանտիոյ մէջ այժ կ՛ապրի մօտ 200 հայ: Անոնք հիմնականօրէն Իրաքէն, Իրանէն, Լիբանանէն, մասամբ, Հայաստանէն են: Տեղի հայերը կը բնակին Օքլատ եւ Ուլլինկթըն քաղաքներուն մէջ: 1996էն կը գործէ Նոր Զելանտիոյ հայկական միութիւնը, որու նպատակն է հայապահպանութիւնը եւ մանուկներու հայեցի դաստիարակութիւնը: Հայկական միութեան ղեկավար Նուպար Եագուպեան նշած է, որ ջանք չեն խնայեր հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքներուն:

«Այստեղ հայ համայնքը քիչ է ու ցրուած: 1996ին կը գործէր հայկական դպրոց, սակայն ան փակուեցաւ` նոր աշակերտներ չունենալուն պատճառով: Հայոց լեզուի պահպանութեան հարցը լուրջ խնդիր է: Կան խառն ամուսնութիւններ: Այժմ համայնքի ջանքերով կը նախատեսենք մօտ ապագային Օքլանտի մէջ վերաբանալ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը», ըսած է Եագուպեան:

Անոր խօսքով, կը փորձեն կապ պահպանել Հայաստանի հետ կրթական գործընթացները կազմակերպելու համար: Առցանց կը կազմակերպուի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացք: Դպրոցը բանալէն ետք դասընթացները նաեւ առցանց պիտի ըլլան, որպէսզի Նոր Զելանտիոյ այլ քաղաքներու հայերը նոյնպէս միանան: Համացանցով պիտի միանան նաեւ մասնագէտներ Հայաստանէն:

Թէեւ Հայաստանէն հեռու, բայց հոգիով մօտ Զելադիոյ հայ համայնքը պարտաճանաչ կը նշէ Հայաստանի հետ կապուած տօները, կ՛անդրադառնայ յիշարժան օրերուն: Ամէն տարի կը կազմակերպուին ձեռնարկներ նուիրուած` ՀՀ անկախութեան, Բանակի հիմնադրման օրուան եւ այլն: Յիշատակի ձեռնարկները կը կազմակերպուին Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի օրը:

Համայնքը թէեւ քիչ է, սակայն հայերը աշխոյժ ներգրաւուած են տարբեր ոլորտներու մէջ: Տեղի հայերը առաջատար բժիշկներ են, մանկավարժներ, դրամատնային եւ արուեստագիտական ոլորտի մասնագէտներ:

Հայապահպանութեան զուգահեռ հայ համայնքը տարբեր ձեռնարկներով կը փորձէ տեղի բնակիչներուն մէջ աւելի ճանաչելի դարձնել Հայաստանը:

«Համայնքի փոքրաթիւ ըլլալուն պատճառով քիչեր գիտեն Հայաստանի մասին: Մեր կողմէ կազմակերպուող ձեռնակներուն կը փորձենք հնարաւոր չափով շատ տեղաբնակներ հրաւիրել: Ունինք ֆէյսպուքեան էջ, ուր կը տեղադրենք ձեռնարկներուն ցանկը, ինչպէս նաեւ տարբեր տեղեկութիւններ Հայաստանի մասին», ըսած է ան:

Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն հայկական խոհանոցի համն ու հոտը տարածելու գործին: Բաւական յաճախ տեղի հայ կանայք կը պարտաստեն եւ կը վաճառեն հայկական ուտելիքներ` փորձելով ճանաչելի դարձնել հայկական խոհանոցը: Նուպար Եագուպեան նկատել կու տայ, որ հայկական ճաշատեսակները մէկ անգամ համտեսած նորզելանտացիները անտարբեր չեն մնար: Անոնք սկսած են բարձր գնահատել հայկական ուտելիքները: