Սերժ Թանկեանի Կոչ Կ՛ուղղէ Սփիւռքահայերուն․ Դիտորդ Ըլլալ ՀՀ ԱԺ Ընտրութիւններուն (տեսանիւթ)


Նշանաւոր ամերիկահայ ռոք երաժիշտ, System of a Down խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան կոչ ըրած է հայ դերասաններուն ու հասարակական գործիչներուն միանալու իրեն` օգնելու համար ԱԺ ընտրութիւններուն իր դիտորդական առաքելութեան:

«Կը յորդորեմ աշխարհասփիւռ հայ դերասաններուն ու գործիչներուն միանալու ինծի` օգնելով դիտորդական առաքելութիւն իրականացնել Ապրիլի սկիզբը կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն` ապահովելու համար ընտրութիւններու թափանցիկութիւնը», գրած է Թանքեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ:

Ան նաեւ կոչ ըրած է ստորագրելու «Արդարադատութիւն Հայաստանի մէջ» պահանջագիրը:

Ուղերձին տակ իրենց ստորագրութիւնները  դրած են ինքը՝ Թանկեանը, գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը, անոր կինը` յայտնի գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանջեանը, եւ արուեստի այլ յայտնի հայ գործիչներ:

«Մենք` Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող հայերս, հաւաքականօրէն հաւատարիմ ենք Հայաստանի մէջ անյապաղ փոփոխութիւն եւ արդարութիւն հաստատելու գործին: Նկատի ունենալով 2016ի գարնան եւ ամրան տեղի ունեցած ցնցումները եւ բողոքի ցոյցերը, որոնք յանգեցուցին մարդու եւ քաղաքացիական իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու` մենք ոչ կ՛ըսենք համակարգուած փտածութեան, դատական անհաւասարութեան, ոստիկանութեան դաժանութեան, քաղաքական կողմնակալութեան», ըսուած է ուղերձին մէջ:

Ուղերձը կազմուած է Սեպտեմբեր 21ին` Հայաստանի ժողովուրդին աջակցելու յորդորով: Փաստաթուղթը ստորագրած են յայտնի հայ գործիչներ, ինչպէս ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեանը, օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեանը, Reddit ընկերութեան ղեկավար Ալեքսիս Օհանեանը, ֆրանսահայ բեմադրիչ Սերժ Ավետիքեանը եւ ուրիշներ: Ուղերձը առ այժմ ստորագրած է 4 877  մարդ:

https://www.change.org/p/justice-within-armenia