Սերժ Սարգսեան Այցելեց Եռաբլուր


ԵՐԵՒԱՆ․- ՀՀ նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այսօր այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:

Նախագահին կ՛ուղեկցէին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ Զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպայակազմը:

Նախագահը յարգանքի տուրք մատուցած է հակառակորդին սանձազերծած ապրիլեան պատերազմի ժամանակ Հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին զոհուած հերոսներուն եւ Արցախեան ազատամարտին Հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած բոլոր հայորդիներու յիշատակին: