Վարդինէ Օհանեան Դարձաւ Լիբանանի Առաջին Հայ Կին Նախարարը


«Թորոնթոհայ»- Այսօր Լիբանանի մէջ կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն մը, քանի մը ամիս տեւած ցոյցերէ եւ ըմբոստութենէ ետք:

Վարչապետ Հասսան Տիապի գլխաւորած նորակազմ կառավարութեան հայկական աթոռը վստահուեցաւ Վարդինէ Օհանեանին, որ պիտի ստանձնէ Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարարութիւնը։

ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած Օհանեան ընկերային ծառայութեան ոլորտին մէջ կ՛աշխատի եւ մինչեւ նախարար նշանակուիլը կը վարէր յատուկ կարիքներու մասնագիտական «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնը։

Նշենք, թէ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ հայուհի մը   նախարարի   պաշտօն  պիտի  զբաղեցնէ:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն հաստատած է հանրապետութեան նոր կառավարութեան կազմը, որուն մէջ ընդգրկուած են 20 մասնագէտներ, որոնք կը ներկայացնեն երկրի քրիստոնէական եւ մահմետական համայնքները:

Կենսագրութիւն` Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան
Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ծնած է 1 Յունուար 1984-ին, յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, երկրորդական ուսումը ստացած է Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ, աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը: Ունի մագիստրոսի աստիճան` ընկերային հոգեբանութեան մէջ, Լիբանանեան համալսարանէն: Նաեւ ունի «Ծրագիրներու կառավարման» վկայական` Հայկազեան համալսարանէն:

2017-էն մինչեւ այսօր տնօրէն է «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի: 2013-էն 2017 եղած է նոյն կեդրոնի ընկերային ծառայողը: 2007-էն 2008 իբրեւ ընկերային ծառայող աշխատած է Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին մէջ: 2005-էն 2008 եղած է «Թռչնոց բոյն»-ի ընկերային ծառայողը:

Անդամակցած է ՀՄԸՄ-ին եւ ստանձնած զանազան պարտականութիւններ:

Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: