Օսքարակիր Քրիստիան Պէյլ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին


Հայոց ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը պատճառ դարձաւ ատկէ ետք պատահած ցեղասպանութիւններուն, Yahoo Moviesի հետ առցանց հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի գլխաւոր դերակատար, օսքարակիր դերասան Քրիստիան Պէյլ:

«Նախքան այս ֆիլմը, ես չէի գիտեր Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Անհետեւողականութեան պատճառով մենք Հայոց ցեղասպանութենէն ետք այդքան նոր ցեղասպանութիւններ ունեցանք, ինչպէս Հոլոքոսթը, Քամպոջայի ցեղասպանութիւնը:

«Երբ ես կը կարդայի ֆիլմի սենարը, Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցն էր, մարդիկ սկսած էին աւելի շատ բան իմանալ ատոր մասին: Ես կը դիտէի լուրերը եւ կը տեսնէի, թէ ինչպէս «Իսլամական պետութիւն»ը կը կոտորէ սարի վրայ յայտնուած մարդիկ. այս ֆիլմը կը պարունակէ պատմական ճշմարիտ հատուածներ, թէ ինչպէս հայերը յայտնուած էի սարի մը` Մուսայ լերան վրայ եւ կը կոտորուէին: Ես չէի կրնար դադրիլ տեսնելէ նմանութիւնը այդ ամէնուն միջեւ: Ատիկա խելայեղ բարբարոսական գործողութիւն էր, չափազանց դաժան եւ յիշաչար, այն, թէ ինչպէս այդքան մարդ սպաննուեցաւ», նշած է Պէյլ:

Ան պատմած է, որ ֆիլմին մէջ մարմնաւորած է ամերիկեան Associated Pressի լրագրող մը: «Դուք գիտէք, թէ որքան կարեւոր է ունենալ լաւ մամուլ: Այլապէս մարդիկ չեն կրնար տեղեկանալ դէպքերու մասին», ընդգծած է դերասանը:

Համեմատականներ ընելով մեր օրերուն հետ` Պէյլ կը նշէ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի հետեւանքով սկսած փախստականներու ճգնաժամի մասին: «Հալէպի շուրջ անապատը լի է ոսկորներով: Եղած են բռնի տեղահանութիւններ, որոնք իրականութեան մէջ մահուան երթեր էին, ատոնք հարիւր հազարաւոր մահերու պատճառ դարձան: Շատեր հաստատուեցան Հալէպ: Ներկայիս փախստականներու ճգնաժամ է, եւ մարդիկ Հալէպէն կը փախչին», նշած է ան:

Հոլիվուտեան յայտնի դերասանը պատմած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը սկսած է ուսումնասիրելու ֆիլմի սենարը կարդալէն ետք: Իրեն այս հարցով շատ օգնած է նաեւ «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող Էրիկ Էսրայէլեան, որ դերասանին տուած է ֆիլմեր, գիրքեր ցեղասպանութեան մասին: «Ես բախտ չեմ ունեցած հանդիպելու Ցեղասպանութեան ոեւէ վերապրածի, սակայն տեսած եմ անոնց մասնակցութեամբ փաստագրական ֆիլմեր: Անոնց մէջ ես տեսայ այս մարդոց ցաւը, որոնք ստիպուած էին գործ ունենալու մարդոց հետ, որոնք կը պնդէին, թէ անոնց ընտանիքներու պատմութիւնները ճշմարիտ չեն: Ատիկա սիրտ կը կեղեքէ»,- ըսած է ան:

Միւս կողմէ՝ ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Սամանթա Փաուըր միացած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմի #KeepThePromise արշաւին:

«Ես կը խոստանամ պահել խոստումը, ըլլալ մարդու իրաւունքներու պաշտպան», նշած է ան Twitterի մէջ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ:

Աւելի առաջ, յայտնի հոլիվուտեան դերասան Ռայան Կոսլինկ միացած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմին նուիրուած քարոզարշաւին: Դերասանը «#կատարէխոստումդ» գրած է` աջակցութիւն յայտնելով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Քոնկոյի մէջ: